2013-02-18 13:03:18

Հալէպի Մէջ Դարձեալ Հայ Մը Վիրաւորուած Է


Հալէպի մէջ արձակազէնները կը շարունակեն վտանգ հանդիսանալ. երէկ քաղաքի Ժտէյտէ թաղամասին մէջ արձակազէններու զարկէն ձեռքէն վիրաւորուած է հայ մը, որ հիւանդանոց տեղափոխուեցաւ եւ շատ հաւանաբար վիրահատուեցաւ: Այս մասին «Եռագոյն» կայքէջին յայտնած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ տակաւին չեն ճշդուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.