2013-02-18 12:35:35

Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքին Երախտագիտութիւնը Հանդէպ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին`
''Օրթոտոքսներու սիրելի բարեկամը''։


Ի լուր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ս. Պետրոսի Աթոռէն հրաժարումին,Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքը` գերերջանիկ Բարդողոմէոս Ա. ընդգծեց Քահանայապետին համամիութեան հիմնական նպաստը օրթոտոքս աշխարհին հետ։
Պատրիարքը ողջունեց Սրբազան Հօր աստուածաբանական ու հայրաբանութեան մշակոյթը եւ յուզումով ոգեկոչեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին 2006-ին .Պոլսոյ պատրիարքութեան Աթոռին կատարած այցլութիւնը։
Անոր անունը անջնջելի պիտի մնայ Եկեղեցւոյ կեանքին ու պատմութեան մէջ, մասնաւորապէս անոր բերած մեծ նպաստին աստուածաբանական գետնի վրայ - հաստատած է Բարդողոմէոս Ա. ու մատնանշած թէ ''անոր գրութիւնները վկայութիւն մըն են անոր աստուածաբանութեան ու Եկեղեցւոյ Հայրերու խոր ճանաչումին'' որոնց ընդմէջէն ի յայտ կու գայ նաեւ Սրբազան Հօր շահագրգռութիւնը մարդու ներկայ հարցերուն հանդէպ։








All the contents on this site are copyrighted ©.