2013-02-18 14:12:14

Գոհաբանական Երեկոյ Արհիապատիւ Հ. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի Մեկնումին Առթիւ


Պէյրութի հայաշատ թաղամաս Պուրճ Համմուտի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ Շաբաթ, 16 փետրուարի՝ երեկոյեան տեղի ունեցաւ գոհաբանական երեկոյ արհի. հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանին մեկնումին առթիւ։
Արհիապատիւ գերապայծառը, (ինչպէս արդէն հաղորդած էինք) 2 փետրուարին, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ անուանուեցաւ Փարիզի Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ։

Գոհաբանական Երեկոյթը սկիզբ առաւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագով նախագահութեամբ Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին։
Ս Զոհը մատոյց արհի.Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան. ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի վաստակաւոր առաջնորդ՝ արհի. հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան, Զմմառու միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդ՝ գերպծ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, Պէյրութի պատրիարքական թեմին ժողովրդապետները, հոգեւոր հայրերը, քահանաները եւ Զմմառու սաները։ Ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցան պաշտօնական, հասարակական եւ միութենական անձնաւորութիւններ, հաւատացեալ ժողովուրդին կողքին։
Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան իր հրաժեշտի պատգամը արտասանեց ըսելով.
«Սիրեցեա՛լ քոյրեր եւ եղբայրներ,
Սուրբ Պատարագը կը մատուցանեմ ձեր ընտանիքներուն եւ բոլորիս սրբութեան դիտաւորութեան։
72 տարեկանիս ուրախութեամբ եւ խոնարհութեամբ կ'ընդառաջեմ Քրիստոսի փափաքին, Սրբ. Քահանայապետին կողմէ արտայայտուած. «Ես Տիրոջ (ծառան) եմ, թո՛ղ ամէն բան ըլլայ ինծի (կամքիդ) համաձայն»։ Յառաջացած տարիքս եւ նոր առաքելավայրս նկատի ունենալով, ես զիս կը յանձնեմ Գերագոյն Քահանային, որ ըսաւ. «Դուք չէք որ ընտրեցիք զիս, այլ ես ձեզ ընտրեցի եւ հաստատեցի, որպէս զի երթաք եւ պտուղ տաք եւ ձեր պտուղը մնայ, եւ ինչ որ խնդրէք Հօրմէն իմ անունովս` տայ ձեզի» (Յովհ 15, 16)։
Եղբայրական թելադրանքս է ձեզի. «Մեր հաւատացեալները թանկագին քանքարներ են մեր ձեռքերուն մէջ։ Առանց անոնց գործօն ներկայութեան` մեր գոյութեան կոչումը իմաստ չունի։ Շրջապատուեցէ՛ք ձեր ժողովուրդով։ Այցելեցէ՛ք ընտանիքները։ Ծանօթացէ՛ք ծնողներուն, երիտասարդներուն ու յատկապէս մանուկներուն։ Ասոնք Եկեղեցւոյ ապագան են։ Մօտ եղէ՛ք հիւանդներուն, ծերերուն ու կարօտեալներուն։ Ասոնք Քրիստոսի սիրեցեալներն են»։ Շնորհակալ եմ ինծի հանդէպ ձեր ունեցած եղբայրական զգացումներուն ու ապրումներուն։ Ձեր ներողամտութիւնը կը հայցեմ եթէ որեւէ կերպով վշտացուցած եմ ձեզ։ Մնանք միշտ միացած քահանայական աղօթքով։
Կը խոստանամ ամէն օր սուրբ Պատարագի ընթացքին եւ աղօթքներուս մէջ յիշել ձեզ, ձեր ընտանիքներուն բոլոր անդամները։ Կը խնդրեմ ձեզմէ որ դուք եւս ինծի համար աղօթէք, որ բարի Յիսուսը, կեանքի մնացած տարիներուս, ինծի հետ վարուի մեծ ողորմութեամբ եւ գթութեամբ, եւ ինչպէս միշտ, ըլլայ լոյսս ու առաջնորդս, որպէսզի կարենամ լաւագոյնս տալ ինծի յանձնուած հոգիներուն ու միասին ընթանանք Հաւատքի եւ Սրբութեան ուղեւորութեան ճամբուն վրայ։
Որդիական երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Արծիւեան Զմմառեան Միաբանութեան, ուր վայելեցի Զմմառու Տիրամօր մայրական խանդա-ղատանքն ու սէրը, եւ սնայ սրբակեաց Զմմառեան հայրերուն առաքելա-կան նուիրումով Եկեղեցւոյ ու Ազգին. ծնողքիս` որոնցմէ ժառանգեցի բարեպաշտութեան ու ծառայութեան հոգին։ Սրբազան Քահանայապետին, Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ եւ Սիւնհոդոսական Հայրերուն անձիս հանդէպ իրենց ունեցած վստահութեան համար։ Անտարակոյս գոհաբանական աղօթքս կ՚երթայ սուրբ խորանին վրայ բազմած Քրիստոսի, որ չնայեցաւ տկարութեանս ու խեղճութեանս, այլ շռայլեց Իր առատ շնորհքները կեանքիս անկիւնադարձերուն, վերջինը` անուանումս որպէս առաջնորդ Ֆրանսային թեմին։ Օրհնեալ ըլլայ միշտ Աստուծոյ սուրբ կամքը»։
Սուրբ Պատարագի վերջին օրհնութենէն ետք, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այս առիթով գնահատական խօսք մը ուղղեց Թէյրուզեան գերապայծառին, յիշելով անոր երկար տարիներու առաքելութիւնը հաւատարմութեամբ, սիրով եւ ծառայութեան ոգիով: Հոգեւոր Տէրը վստահեցուց թէ Թէյրուզեան եպիսկոպոսը բարձր պատասխանատուութեամբ պիտի ստանձնէ նոր պաշտօնը, որպէս առաջնորդ Փարիզի Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ թեմին, իրեն մաղթելով յաջողութիւն եւ բարի առաքելութիւն:

Այնուհետեւ հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան Հոգեւոր Տիրոջ եւ պատրիարքական թեմին անունով Թէյրուզեան եպիսկոպոսին նուիրեց սկիհ մը որպէս յիշատակի նուէր ։
Աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Թէյրուզեան եպիսկոպոսը եւ թեմին կղերը թափօրով ուղղուեցան դէպի ժողովրդապետութեան հիւրասրահը, ուր ընդունեցին ողջերթի եւ նոր պաշտօնին համար շնորհաւորութիւնները։ Ապա ՀԿՄ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Փարիզի նոր առաջնորդին մասին տեսանիւթի ներկայացում եւ հիւրասիրութիւն։ Յիշենք, որ նոյն օրը, կէսօրին՝ Զմմառու վանքին մէջ, տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան մը ի պատիւ Թէյրուզեան եպիսկոպոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.