2013-02-18 12:40:05

Արաբական Աշխարհի Լատին Եպիսկոպոսներու Երախտագիտութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։


Արաբական աշխարհի լատին Եպիսկոպոսները երախտագիտական նամակ մը յղած են Սրբազան Հօր որուն մէջ մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Միջին Արեւելքի Եկեղեցւոյ յետ-սիւնոդոսական յորդորագիրին համար, ու մանաւանդ Քահանայապետի, խաղաղութեան ի խնդիր, մշտատեւ կոչերուն։

Միջին Արեւելքի Եկեղեցւոյ յետ-սիւնոդոսական յորդորագիրին, Նորին Սրբութիւնը կը խրախուսէ Միջին Արեւելքի հաւատացեալները ապրիլ եղբայրական միութեամբ ու փոխադարձ յարգանքով ու սիրով որպէսզի աւետարանական վկայութիւնը դառնայ հաւատալի։

Արաբական աշխարհի Լատին եպիսկոպոսները կը հայցեն Սրբազան Հօր աղօթքն ու օրհնութիւնը որպէսզի Ս. Հոգին շարունակէ առաջնորդել անոնց քայլերը ու ամրապնդէ զանոնք հաղորդութեան ու միութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.