2013-02-17 12:49:48

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հօր Քահանայապետութեան Վերջընթեր Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


''Քառասնորդացը պատեհ առիթ մըն է վերագտնելու համար Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը, որպէս մեր ու եկեղեցւոյ կեանքին հիմնական չափանիշ։''

Վատիկան - Կիրակի 17 փետրուար 2013-ի առաւօտեան առաջին ժամերէն, ուխտաւորներու խուռներամ բազմութիւն մը խուժած էր Սուրբ Պետրոսի հրապարակը մասնակցնելու` Սրբազան Քահանայապետի արտասանած կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքին եւ ունկնդրելու Պենետիկտոս ԺԶ -ի Քահանայապետութեան շրջանի կիրակնօրեայ վերջընթեր խորհրդածութիւնը։

Տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու շարքին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ ներկայ էին նաեւ Հռոմի Քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներն ու Հռոմի Քաղաքապետ Ճաննի Ալէմաննոն։

Ժամը 12-ին շուրջ, ինչպէս ամէն կիրակի, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յայտնուելով իր գրասենակի պատուհանէն մեծ ծափողջոյններով ընդունուեցաւ հաւատացեալներերէն։

Հեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց որուն ընթացքին վերյիշեց անցեալ չորեքշաբթի օրուայ ''օր մոխրոցը'' ու այդ արարողութեամբ սկիզբ առած Սուրբ Զատկուայ նախապատրաստական շրջանի քառասնորդացի ծոմապահութիւնը։

Եկեղեցին - ըսաւ Սրբազան Հայրը - որպէս մայր եւ դաստիարակ, իր բոլոր անդամները կը հրաւիրէ հոգիով նորոգուելու եւ վճռականութեամբ դէպի Աստուած ընթանալու, հերքելով հպարտութիւնն ու անձնասիրութիւնը եւ ապրելով սիրոյ մէջ։
Հաւատոյ այս տարուայ ընթացքին քառասնորդացը պատեհ առիթ մըն է վերագտնելու համար Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատքը, որպէս մեր ու եկեղեցւոյ կեանքին հիմնական չափանիշ։

Սրբազան Հայրը հուսկ ակնարկեց քառասնորդաց շրջանի առաջին կիրակի օրուայ աւետարանին որ կը խօսի Յիսուսի փորձութիւններու մասին։ ''Յիսուս - յարեց Նորին Սրբութիւնը - մկրտուելէ ետք Յորդանան գետնի մէջ, Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուեցաւ անապատ` փորձուելու համար սատանայէն։ Իր հրապարակային առաքելութեան սկիզբը Յիսուս ստիպուեցաւ դիմակազերծել ու մերժել Մեսիայի կեղծ դիմագիծը զոր փորձիչը կ՛առաջարկեր Անոր։...Փորձութիւններու ընթացքին հաւատքը վտանգուած է, որովհետեւ վտանգուած է Աստուած։ Կեանքի վճռական պահերուն, մենք կը գտնուինք խաչմերուկի առջեւ. Հետեւիլ Աստուծոյ թէ մեր Եսին։ Անձնական շահերուն թէ իսկական Բարիքին որ ճշմարիտ է''։

Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով ապա Եկեղեցւոյ Հայրերու ուսուցումին ըսաւ. ''փորձութիւնները մաս կը կազմեն Յիսուսի մարդկային վիճակին ընդունման։ Վիճակ մը զոր Ան ուզեց իւրացնել մինչեւ վերջ` մինչեւ մահ խաչին վրայ։ Դառնալով Աստուծոյ բազուկը երկարած մարդուն` կորսուած ոչխարին, որպէսզի զայն փրկէ։ Ինչպէս կը գրէ Սուրբ Օգոստինոս. ''Յիսուս մեզմէ ընդունեց փորձութիւնը մեզի տալու համար իր յաղթանակը։'' Վախ չունինք ուրեմն պայքարելու չարի հոգիին դէմ։ Բաւ է որ այս ընենք Անոր հետ, յաղթական Քրիստոսին հետ։ Ու Անոր հետ մնալու համար դիմենք Անոր մօր` Մարիամին։ Դժուարութեան պահերուն, որդիական վստահութեամբ աղերսենք եւ ինք մեզի ցոյց կու տայ Իր Աստուածային Որդւոյն հզօր ներկայութիւնը, մերժելու համար փորձութիւնները Քրիստոսի Խօսքերով եւ զԱստուած ընտրելով կեդրոն մեր սրտին։


Խորհրդածութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց մարեմեան աղօթքը ու ապա զանազան լեզուներով սիրալիր ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով նաեւ Հռոմի Քաղաքապետարանի անդամներուն, Քաղաքապետին ու հռովմէացիներուն, շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց ներկայութեամբ ցուցաբերած ''սիրոյն ու հոգեւոր մօտիկութեան''։
Ան ապա բարի կիրակի մաղթեց բոլորին ու խօսքը աւարտեց ըսելով ''մնանք աղօթքի միութեան մէջ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.