2013-02-16 12:56:42

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


Այսօր վերջ կը գտնէ ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի նախագահ`Կարդինալ ֆէրնանտօ ֆիլոնիի այցը հնդկաստան։
Ծիրանաւորը Ասիական այս երկիրը ժամանած էր անցեալ 9 փետրուարին, որպէս Քահանայապետի յատուկ նուիրակ, գլխաւորելու համար Հնդկաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հաստատումին 25րդ ամեակի տօնախմբութիւնները եւ Վայլանքաննի Առողջութեան Տիրամօր Սրբավայրին հիմնադրութեան 50րդ յոբելինական նշումը։ Իր կեցութեան ընթացքին Կարդինալ ֆիլոնին գլխաւորեց զանազան արարողութիւններ ու հանդիպումներ ունեցաւ հոգեւոր եւ պետական անձնաւորութիւններու հետ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.