Մարդու իրաւունքներու պաշտպան վիէթնամցի քահանայ Թատէուս Լի շուետական նոպելեան յանձնախումբէն
նշանակուեցաւ որպէս 2013-ի խաղաղութեան նոպելեան մրցանակակիր։ Հայր Լի երկրին հանրավարութեան
համար պայքարող հանրածանօթ դէմք մըն է։ 1970էն ասդին պայքար կը մղէ երկրին հանրապարութեան
ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր եւ այդ պատճառաւ ամբաստանուած է որպէս
խռովարար ու այդ պատճառաւ երկու անգամ բանտարկուեցաւ 2007-ին եւ 2011-ին։ Հայր Լի վատառողջ
է` մասամբ անդամալուծուած է եւ ուղղեղային խլիրդ ունի։