2013-02-15 12:09:08

Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Հայ Հոգեւորականին Համար Փրկագին Կը Պահանջուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ Հալէպէն ոչ հեռու՝ Հոմս քաղաքին մօտ գտնուող Քաֆրուն գիւղի ճամբուն վրայ առեւանգուած են հոգեւորականներ, որոնց մէջ կայ հայ մը: Անոր համաձայն, 9 Փետրուարին Քաֆրուն գիւղի ճամբուն վրայ զինեալները կանգնեցուցած են մարդատարը եւ առեւանգած 29ամեայ հայ կաթողիկէ հոգեւորական Միքայէլ Քէյյէլը, ինչպէս նաեւ Իսհաք Մեհըր Մաթհուտ անունով յոյն ուղղափառ հոգեւորականը: Մարդատարին մէջ եղած է նաեւ հայ վարդապետ Սալեզեանը, զոր խնայած են զինեալները՝ տարիքոտ ըլլալուն պատճառով։
Ռէյիսեան նաեւ յայտնած է, որ ներկայիս ջանքեր ի գործ կը դրուին՝ զանոնք ազատ արձակելու ուղղութեամբ: Առեւանգողները փրկագին պահանջած են։
Յայտնենք, որ ըստ որոշ լրատու աղբիւրներու հաղորդած տեղեկութիւններուն, երէկ Հալէպի Սուլէյմանիէ շրջանին մէջ պատահական փամփուշտի զոհ գացած է Յարութ Քէօշկերեան (ծնեալ` 1970-ին):








All the contents on this site are copyrighted ©.