Մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ սէուտական
օրաթերթի մը կողմէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին դէմ հրապարակուած ծաղրանկարները
խստիւ դատապարտելի են` աւելցնելով, որ այդ արարքը կը նկատուի հոգեւոր պետերուն նկատմամբ
անարգանք եւ մտքի ազատութեան շահագործում: Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ այս արարքով
կ՛անարգուի նաեւ մարոնի եկեղեցին: «Մտքի ազատութիւնը եւս չափ ու սահման ունի, որոնք
պէտք չէ շրջանցուին», ըսաւ ան: Անդրադառնալով Պքերքէի կողմէ որեւէ հակազդեցութեան
բացակայութեան` Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ «հակազդեցութիւն պիտի չարձանագրուի, որովհետեւ
անոնք նախ եւ առաջ իրենք զիրենք պէտք է յարգեն եւ ապա ուրիշները: Մենք նոյնիսկ յարմար
չենք տեսներ այդ արարքին դէմ դատական հարց յարուցել եւ կը հաւատանք, որ զայն պէտք է դիտենք
իր չափին մէջ», ընդգծեց Մազլում եպիսկոպոսը