2013-02-15 12:09:23

Միջին Արեւելքի Մէջ Ջուրի Պաշարները Կտրուկ Կերպով Նուազած Են


«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ ՆԱՍԱ-ի «ԿՐԷՅՍ» տիեզերանաւին կատարած քննութիւնները ցոյց տուած են, որ Տիգրիս եւ Եփրատ գետերու աւազանին մէջ քաղցր ջուրի պաշարները անցեալ տասնամեակին ընթացքին նուազած են 144 խորանարդ մեթր ծաւալով:
Այդ ծաւալը մօտաւորապէս հաւասար է Մեռեալ ծովուն: Իսկ քննութեան լուսարձակին տակ են Թուրքիան, Սուրիան, Իրաքը եւ Իրանը: 2002-ին արձակուած տուեալները կը վերաբերին 2003-2010 թուականներուն: Ջուրի նուազման կշռոյթին առումով շրջանը կը զիջի միայն Հնդկաստանին:
Ջուրի կորուստի 60 առ հարիւրը կապուած է ստորերկրեայ պահեստարաններէն եւ աղբիւրներէն ջուրի դուրս բերման հետ, իսկ 20 առ հարիւրը` չորացման եւ ձիւնի հալման: Սակայն միաժամանակ ՆԱՍԱ կը նշէ, որ քաղցր ջուրի պահանջարկը կը շարունակէ աճիլ:
Ուսումնասիրութիւնը աւելի մանրամասն կերպով պիտի հրապարակուի «Ուոթըր Ռիսորսըզ Ռիսըրչ» պարբերաթերթին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.