2013-02-14 12:06:37

Պենետիկտոս ԺԶ.ի Քահանայապետական Վերջին Հրապարակային Պատարագը։


Անմոռանալի մոխրոց օր
13 փետրուարի յետ միջօրէին (ժամը 17­ին), Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Ս.Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ գլխաւորեց մոխրոց օրհնութեան արարողութիւնը, Քահանայապետութեան շրջանի իր վերջին հրապարակային պատարագը։
Արարողութիւնը, սկիզբ առաւ թափօրով, կարտինալական դասի անդամներուն եւ եպիսկոպոսներուն մասնկացութեամբ։ Հուսկ տեղի ունեցաւ սուրբ Պատարագը ու մոխրոց օրհնութիւնը։ Սուրբ զոհի ընթացքին իր արտասանած իր քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը կեդրոնացուց ''Օր Մոխրոցի'' եւ Ծոմապահութեան քառասնորեայ շրջանին վրայ ու մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները ներկայացնելով՝ քառասնորդաց շրջանին իմաստը եւ ծոմապահութեան ու ապաշխարանքի կարեւորութիւնը։ Ապա ան անգամ մը եւս ափսոսանքը յայտնեց ի տես Եկեղեցւոյ դէմքին աղաւաղումին, նշելով՝ Եկեղեցիներու միութեան դէմ գործուած մեղքերը եւ եկեղեցական մարմնի մէջ տիրող բաժանումները։ Ան դատապարտեց կրօնական կեղծաւորութիւնը ու բոլոր անոնք որոնք փառք ու պատիւ կը փնտռեն։ Հրաւիրեց Կաթողիկէները, օգտուելու այս ծոմապահութեան շրջանէն, լիօրէն ապրելու եկեղեցական հաղորդութիւնը եւ յաղթահարելու համար անհատականութիւնն ու ոտնձգութիւնները որպէս համեստ եւ արժէքաւոր նշան անոնց որոնք հեռացած են եւ անտերբերութեամբ կ՛ապրին իրենց հաւատքը։ Սրբազան Հայրը հուսկ հաստատեց թէ ''ամբողջ սրտով դէպի Աստուծոյ վերադարձը, այս քառասնորդաց ճանապարհորդութեան ընթացքին, կ՛անցնի խաչէն, հետեւելով Քրիստոսի ճանապարհին որ կ՛առաջնորդէ գողգոթայ, անձին ամբողջական նուիրումին։
Նորին Սրբութիւնը ապա իր խօսքը եզրափակեց, կոչ ուղղելով ապաշխարաութեան '' ոչ մէկը մեզմէ թող խուլ ձեւանայ այս կոչին որ մեզի կ՛ուղղուի մոխրոց օրուայ արարողութեամբ'' թող Սուրբ Կոյս Մարիամը, Եկեղեցւոյ Մայրը ընկերանայ մեզի։

Արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութեան ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ իր յուզմունքի եւ խոր յարգանքի զգացումները արտայայտեց Սրբազան Հօր։ ''Այս տարիներուն ընթացքին - ըսաւ Ծիրանաւորը - ձեր Ուսուցումը եղաւ պատուհան մը բացուած Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի վրայ որուն միջոցաւ Աստուծոյ ճշմարտութեան ու սիրոյն ճառագայթները ներթափանցեցին, լոյս ու ջերմութիւն տալու մեր ուղեւորութեան, մանաւանդ երբ խտացուած ամպեր երեւցան երկնքի մէջ''։
Ամէնքս հասկցանք թէ եկեղեցւոյ ու Աստուծոյ հադէպ ձեր խոր սէրն է որ ձեզ մղեց այս որոշումը առնելու, այս որոշումին ընդմէջէն կը յայտնաբերուի ձեր հոգւոյն բիւրեղութիւնը, ձեր հաւատքի կայունութիւնը, ձեր հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը եւ արիութիւնը։ Կարդինալ Պերթոնէն ապա մատնանշեց Սրբազան Քահանայապետի Հռոմի Թեմի նորընծաներուն հետ ունեցած հանդիպումին ու անոնց արտասանած ի ճառին ու սրտի խոր զգացումներով, յուզմունքով եւ հիացումով շնորհակալական խօսք ուղղեց Սրբազան Քահանայապետին այս լուսաւոր օրինակին ''ըլլալու Աստուծոյ այգիին մէջ հեզ ու խոնարհ ծառայ մը'' որ կարողացաւ ամէն պահերուն իրականացնել ամէնէն կարեւորը ''Աստուած տանիլ մարդոց ու մարդիկը Աստուծոյ''։
Կարդինալ Պերթոնէի խօսքի աւարտին, ներկայ հաւատացեալները երկար ծափողջոյններով ուզեցին իրենց մօտիկութիւնը յայտնել սրբազան Հօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.