2013-02-14 14:07:28

Երուսաղէմի Նուրհան Արք. Մանուկեան Պատրիարքի Շնորհակալական Նամակը Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին։


Ի պատասխան Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ յղած շնորհաւորագրին՝ Նուրհան Արք. Մանուկեանին Երուսաղէմի պատրիարք ընտրուելու առթիւ, Երուսաղէմի Պատրիարքը շնորհակալութեան հետեւեալ գիրը յղած է .
Ամենապատիւ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ
Պատրիարք Կաթողիկէ Հայոց- Լիբանան
Ամենապատիւ Տէր,
Հոգեկան գոհունակութեամբ ստացանք Ձերդ Ամենապատուութեան 26 Յունուար 2013 թուակիր շնորհաւորական նամակը, մեր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք ընտրուելուն առիթով։
Ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ձերդ Ամենապատուութեան բարի մաղթանքներուն համար, զորս եւ արդէն Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Վիճակաւոր՝ Գերապայծառ Յովսէփ Թ. Ծ. Վրդ. Քէլեկեան անձամբ՝ յայտնած էր մեզի։
Թող Ամենակարողն Աստուած Ձերդ Ամենապատուութեան շնորհէ արդիւնաւոր առաքելութիւն ի սպաս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին եւ համայնքին ի Լիբանան, ի Յորդանան եւ յԵրուսաղէմ։
Սիրոյ ողջունիւ ի Քրիստոս
Նուրհան Արք. Մանուկեան Պատրիարք Հայ Երուսաղէմի









All the contents on this site are copyrighted ©.