2013-02-13 13:43:09

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ''Ճշմարտութեան Աշխատակից''ը։


Անցեալ տարի 15 ապրիլին ( 2012), իր ծննդեան 85-րդ տարեդարձին առթիւ իր խօսքը ուղղելով հաւատացեալներուն, Սրբազան Հայրը ըսած էր. ''Ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք, որպէսզի Տէրը ինծի բաւարար ոյժ պարգեւէ, կատարելու ինծի յանձնած պաշտօնը''։ եւ 11 փետրուար 2013-ին արդէն որոշումը առաւ հրաժարելու Պետրոսի յաջորդի պաշտօնէն, տեսնելով որ իր ֆիզիքական ոյժերը բաւարար չեն պատշաճօրէն կատարելու իրեն յանձնուած ծառայութիւնը, (ինչպէս կը կարդանք կարտինալներուն առջեւ արտասանած իր ճառին մէջ)։
Մի քանի ամիսէ ի վեր ամէնուն յայտնի էր Սրբազան Հօր յոգնած վիճակը։ Ան սկսած էր ցուպով քալել եւ ինքնաշարժով կը կ'ուղղուէր դէպի Ս. Պետրոս պազելիքայի աւագ խորանը։ ''Աշխարհի լոյսը'' ասուլիս-գիրքին մէջ , որ լոյս տեսած էր 2010-ի նոյեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ կը հաստատէր, որ Քահանայապետ մը ՜՜իրաւունք՝՝ ունի, եւ որոշ պարագաներուն մէջ ալ ՜՜պարտականութիւնն՝՝ ունի հրաժարելու։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը նախքան հրաժարիլը, արդէն ամէն բան նախատեսած ու դասաւորած է, եւ կարելի չափով իր պարտականութիւնը կատարած։ Ան համոզուած է որ իր այնքան սիրած Եկեղեցին, կարիքն ունի աւելի երիտասարդ քահանայապետի մը, ընդառաջելու՝ ամբոխին, գլխաւորելու՝ Ռիօ տէ Ժաներօ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը յուլիսի մէջ, եւ յառաջանալու Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովի ընդգծած ուղիին վրայ։
Նշենք որ Իր քահանայապետութեան տարիներուն, ան կատարեց միջազգային 24 առաքելական ճամբորդութիւններ` որոնց մէջ Ս. Երկիրը եւ Գուպան։ Հրապարակեց երեք շրջաբերական թուղթեր եւ աստուածաբանական երեք հատորներ Յիսուս Նացովրացիի մասին, առանց մոռնալու գումարած 5 եպիսկոպոսական սիւնոդոսները Վատիկանի մէջ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը գերազանց պայծառութեամբ կատարեց Քահանայապետի իր առաքելութիւնը։ Ան, որ որպէս եպիսկոպոսական նշանաբան ընտրած էր ''ճշմարտութեան աշխատակից'' զինք ուղղեց ճանչնալու թէ ժամանակը հնչեց հանգչելու եւ Ս. Պետրոսի նաւին ղեկը ուրիշին յանձնելու եւ վերադառնալու իրեն շատ սիրելի զբաղումին` որ է գրել, եւ աստուածաբանական փնտռտուք ու հետազօտութիւն կատարել։








All the contents on this site are copyrighted ©.