2013-02-13 13:12:30

Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան «Լրատու»ին կը խօսի Պենետիկտոս 16-րդ Պապի հրաժարականին մասին։


Լիբանան- «Լրատու»ի Պէյրութի թղթակիցը այսօր յատուկ զրոյց մը ունեցաւ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Մամուլի եւ տեղեկատուութեան կեդրոնի պատասխանատու ՝ Հայր Վարդան Վարդապետ Գազանճեանին հետ: Զրոյցին նիւթը եղած է, երէկ մամուլի բոլոր ծառայութիւններուն ուշադրութեան կէտը դարձած ՝ Հռոմի Պէնէտիքթոս 16-րդ Պապին ներկայացուցած անակնկալ հրաժարականին լուրը:Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեան խօսելով Պապի Հրաժարումին մասին ըսած է ՝ «Սրբազան Քահանայապետին հրաժարականին առնչութեամբ, կը յիշեմ իր մէկ հարցազրոյցը, որուն ընթացքին պատասխանած է թէ ան իր հրաժարականը չի կրնար ներկայացնել երբ Եկեղեցին դժուարութիններ կը դիմագրաւէ, որպէսզի փախչի անոնցմէ, այլ ըսած է թէ պատասխանատուութեան պահուն կարիքը կայ դիմագրաւելու ամէն տեսակի մարտահրաւէր: Իսկ հրաժարականը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ յարաբերաբար հանդարտ պահու մը ընթացքին կու գայ: Եւ այդպէս ալ եղաւ:» Հայր Վարդան Գազանճեան խօսելով Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայի իրավիճակին մասին ըսաւ ՝«Սուրբ Աթոռին եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընդհանրապէս եւ Վատիկանի մասնաւորապէս կառավարումը այսօր այնքան ալ հեշտ բան չէ: Եւ այս վերջին տասնեակներուն, մանաւանդ 90-ական թուականներէն սկսեալ կարիքը զգացուած է ներքին եւ արտաքին վերանորոգման եւ նոր աշխատելաոճի անհրաժեշտութեան՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կառավարման մէջ:»








All the contents on this site are copyrighted ©.