2013-02-13 13:12:25

Ըստ Ասատի՝ Սուրիոյ Դէմ Քայլերուն Թիրախը Արաբներն Են


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յորդանանեան պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց. «Սուրիա իր անշեղ սկզբունքներէն պիտի չհրաժարի, որքա՛ն ալ ճնշումները շատնան ու բազմանան դաւերը, որոնց թիրախը ոչ միայն Սուրիան է, այլեւ՝ բոլոր արաբները»:
Իսկ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպ յայտնեց, որ Սուրիոյ «քանդումը արգիլելու համար ջանք թափելը շարունակելու արգելք մը չունինք, ինչպէս նաեւ արգելք չունինք շարունակելու՝ մինչեւ մահանանք եւ Սուրիան այս վարչակարգէն ազատագրուի»: Ան վարչակարգին կոչ ուղղեց «հեռանալու»՝ շեշտելով, որ իր նախաձեռնութիւնը «տկարութիւն չէ, այլ սուրիացի ժողովուրդին տառապանքը դադրեցնելու համար «ձեռքի երկարում»: Վարչակարգը, սակայն, ջերմ վերաբերմունք չէ ցուցաբերած Խաթիպի նախաձեռնութեան՝ անոր կցուած շարք մը նախապայմաններուն պատճառով: Գահիրէի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Խաթիպ յայտնեց, որ «վարչակարգը մինչեւ հիմա յստակ պատասխան մը չտուաւ, թէ պատրա՞ստ է արիւնահեղութիւնն ու քանդումը խնայելու համար հեռանալու»: Ըստ անոր՝ Ազգային համաձայնական մարմինի քաղաքական խորհուրդը ստանձնած է բանակցային նախաձեռնութեան քննարկումը, եւ Փետրուար 20ին պիտի ներկայացնէ ատոր շուրջ իր որդեգրած որոշումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.