2013-02-13 15:00:20

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին Նամակը Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարք Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ ի լուր Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին պետրոսեան պաշտօնէն հրաժարումին հետեւեալ նամակը յղած է.
Սրբազան Հայր, Որդիական մեծ գոհունակութիւն, իմ եւ հայ Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներու, եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, կրօնաւորներու, սարկաւագներու, կրօնաւորուհիներու եւ աշխարհականներու անունով, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր վարած պետրոսեան պաշտօնին համար ի սպաս մեր հասարակութեան բարիքին։
Կը փափաքէի հոս վառ յիշել ձեր պատմական այցելութիւնը՝ պատրիարքական աթոռին, Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ, անցեալ 15 սեպտեմբերին, Լիբանան ձեր հովուական այցելութեան ընթացքին, 14-էն 16 սեպտեմբեր 2012։
Սրբազան Հայր, Սուրբ Պետրոսի յաջորդի գերագոյն պարտականութիւնը ընդունելով 78 տարեկանին, մեզ յիշեցուցիք թէ պէտք է միշտ պատրաստ ըլլալ ամէն վայրկեան այո ըսելու Տիրոջ կոչին։
Այս պարտականութենէն հրաժարումի ձեր որոշումը առողջութեան պատճառաւ, մեզ ցոյց տուաւ կարեւորութիւնը Աստուծոյ կամքը զատորոշելու եւ քաջութիւնը անոր պատասխանելու։
Սրբազան Հայր, 8 տարուայ պտղաբեր ձեր քահանայապետութեան ընթացքին, մեզի ուղեցիք դէպի լուծումներ որոնելու ճամբան Եկեղեցւոյ կեանքը յուզող բոլոր պարագաներուն մէջ, ըլլայ համամիութենական մարզին մէջ, անկլիգան հասարակութիւններու դարձով դէպի Եկեղեցւոյ ծոցը, ինչպէս եւ գիտութեան լուսաւորումը հաւատքի լոյսով, նաեւ համբերութիւն ու աւետարանական իմաստութիւն՝ դարմանելու համար բարոյական խնդիրները, որոնք որոմը կը ցանեն անպատրաստ անձերու հոգիներուն մէջ։ ‎
Սրբազան Հայր, Այս համեստ խօսքերով, կը փափաքէի երախտագիտութեան զգացումներս յայտնել ձեր կենսունակ վկայութեան համար, ձեր ներթափանցող խօսքերուն համար, ինչպէս նաեւ ձեր լուսաբանական հոգեւոր խորհրդածութիւններուն համար։
Սրբազան Հայր,Ձեզ կը վստահեցնեմ իմ աղօթքներս, ինչպէս նաեւ հայ Եկեղեցւոյ աղօթքները, ձեզմէ խոնարհաբար խնդրելով աղօթք՝ քահանայական եւ կրօնաւորական կոչումներուն համար, հայ հասարակութենէն ներս, ուր շատ պէտքը կայ։
Սրբազան Հայր, Այս բոլորին համար եւ շատ ուրիշ բարիքներու համար, Մեծ Շնորհակալութիւն։
Միշտ Ձերը ի Քրիստոս։
+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Կաթողիկոս Պատրիարք








All the contents on this site are copyrighted ©.