Վալերի Պուայէ Ֆրանսայի Խորհրդարանին Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Նոր
Օրինագիծ Մը Ներկայացուցած ։
Ֆրանսայի խորհրդարանին ներկայացուած է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր
նախագիծ մը, որուն հեղինակը դարձեալ Պուշ տը Ռոն շրջանի ներկայացուցիչ երեսփոխան Տիկին
Վալերի Պուայէն է: «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Նուվել
տ՛Արմենի» պարբերաթերթին յայտնած է հայազգի փաստաբան Ֆիլիփ Գրիգորեան: Նախագիծը հիմնուած
է Եւրոպայի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած «Ցեղասպանութեան եւ զինուորական յանցագործութիւններու
ժխտման քրէականացում» նախատեսող յօդուածին հիման վրայ: Նոր նախագիծով կը նախատեսուի Հայոց
ցեղասպանութիւնը ժխտողը երկու տարուան բանտարկութեան դատապարտել կամ 45 հազար եւրօ դրամական
տուգանքի ենթարկել: Պուայէի եւ Գրիգորեանի միասնաբար հեղինակած Ցեղասպանութեան քրէականացման
մասին նախորդ օրինագիծը Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած էր, սակայն Սահմանադրական
խորհուրդը զայն հակասահմանադրական ճանչցած էր:
Նախորդ օրինագիծը Հայոց Ցեղասպանութեան
ժխտման համար մէկ տարուան բանտարկութիւն կամ 40 հազար եւրոյի տուգանք կը նախատեսէր: Ֆրանսայի
նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւս բազմաթիւ անգամներ խոստացած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը
քրէականացնող նոր օրէնք ներկայացնել: Ան իր այդ խոստումը վերահաստատած էր Հայաստանի նախագահ
Սերժ Սարգսեանի` նախորդ տարուան աշնան Փարիզ կատարած այցելութեան ժամանակ: