2013-02-12 16:05:08

Չորեքշաբթի 13 Փետրուարը ''Օր Մոխրոց է'' Ըստ Լատինաց։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի 13 փետրուարի առաւօտեան ժամը 10.30-ին՝ ընդհանուր ունկնդրութիւն կը շնորհէ բազմահազար հաւատացեալներուն, իսկ յետ միջօրէի ժամը 17­ին Վատիկանի Ս.Պետրոսի Տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ մոխրոց օրհնութեան արարողութիւնը։ ''Օր Մոխրոցը'' որով կը սկսի քառասնորդաց ծոմապահութեան շրջանը հաւատացեալներուն կ՛ուզէ յիշեցնել` երկրաւոր բարիքներուն ունայն եւ անցողական բնոյթը. Այդ օր Քահանան իւրաքանչիւր հաւատացեալի գլխուն վրայ կը սրսկէ պատրաստուած մոխիրը ըսելով. Յիշեա ով մարդ զի հող էիր եւ ի հող դարձցիս. Այսինքն Յիշէ ով մարդ թէ հող էիր եւ հող պիտի դառնաս։
Լատին եկեղեցւոյ համար Մեծ Պահքի տեւողութիւնը 40 օր է։ Եկեղեցիէն հաստատուած է որպէս պատրաստութիւն Քրիստոսի Չարչարանքի, Խաչելութեան, Մահուան եւ Փառաւոր Յարութեան։ Մեծ պահքին ընթացքին, հաւատացեալը հրաւիրուած է ապրելու այս շրջանը աղօթքով ծոմապահութեամբ եւ ողորմութեամբ։ Ծոմապահութիւնը կը կայանայ ինքզինք կերակուրէն զրկելու մէջ, հաւատացեալի տարիքին եւ առողջութեան համաձայն։ Խիստ պահեցողութիւնը երկու օր է, մոխրոց օրը եւ Աւագ Ուրբաթ օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.