2013-02-12 14:10:17

Նորին Սրբութիւնը 28 Փետրուարին Կը Հրաժարի Սուրբ Պետրոսի Գահէն Ու Կը Փոխադրուի Գասթել Կանտոլֆոյի Ամարանոց։


''Այն պարագային որ Սրբազան Քահանայապետը հրաժարի իր պաշտօնէն, վաւերականութեան համար հարկ է որ այդ հրաժարականը ներկայացուի ազատ կամքով եւ կանոնաւորապէս յայտարարուի, հրաժարականը ոչ մէկէն վաւերացուելու է'': Եկեղեցական կանոնագիրքի 332րդ կանոնի այս 2րդ հատուածի համաձայն, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանաայպետը, երէկ` երկուշաբթի 11 փետրուարին, կարդինալական խորհրդաժողովի ընթացքին, անակնկալօրէն ներկայացուց իր հրաժարականը զարմանքի ու անակնկալի մատնելով կառավարութիւններ, Վատիկանի հարցերու դէտեր ու նաեւ իր իսկ ամէնէն մտերիմ գործակիցները։

Պենետիկտոս ԺԶրդ յաջորդելով երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետին, Սուրբ Պետրոսի գահը բարձրացաւ կարդինալներու դասի կամքով` 19 ապրիլ 2005-ին եւ գրեթէ 8 տարիներէ ի վեր մեծ քաջութեամբ ու նուիրումով կը կառավարէ տիեզերական եկեղեցին` դիմագրաւելով եկեղեցւոյ կեանքին հայող ծանր հարցեր, գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւններ ու մարտահրաւէրներ։

Եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի այս որոշումը աննախադէպ նկատուած է տրուած ըլլալով որ քահանայապետի մը հրաժարականի վերջին դէպքը տեղի ունեցած էր 1415-ին Կրէկուար ԺԲ քահանայապետի հրաժարականով։

Սուրբ Աթոռի բանբեր` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի յատարարութեամբ, նոր Քահանայապետի ընտրական ժողովը, տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Զատկուայ տօներէն առաջ։ Հայր Լոմպարտին մամուլի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ընդգծած է նաեւ թէ ''Պենետիկտոս ԺԶ-ի այս որոշումը «մեծ քաջութեան» եւ «վճռականութեան» ցուցանիշ է եւ թէ Սրբազան Հայրը հրաժարականը ներկայացուցած է ոչ թէ առողջական պատճառներու համար այլ միայն յառաջացած տարիքի հետեւանքով, ուժերու ու կորովի պակասը, եւ Սրբազան Քահանայապետի յայտարարութեամբ, ''կեսունակութեան նուազեցումն'' է որ զինք մղած են առնելու այս քայլը ''եկեղեցւոյ բարիքին համար''։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ներկայացուցած հրաժարականին ի լուր, աշխարհի բոլոր կողմերէն, եկեղեցական, քաղաքական եւ քաղաքացիական բարձրաստիճան իշխանութիւններ զարմանքի առաջին արտայայտութիւններէ ետք երախտական խօսքեր ուղեցին Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, Անոր եկեղեցւոյ ի սպաս տարած գնահատելի եւ վեհանձն աշխատանքին ու նաեւ վերոյիշեալ կարեւոր ու իմաստալից որոշումին ի տես։ Ասոնց շարքին է նաեւ Սրբազան Քահանայապետի երէց եղբայրը Կէորկ Ռացինկէր որ սոյն որոշումը նկատեց «բնական հոլովոյթի» մը մաս կազմող իրողութիւն։

Օպամա, Մերքել, Հոլլանտ, Նափոլէթանօ ու այլ երկիրներու քաղաքական պետեր ինչպէս նաեւ այլ կրօնական պատասխանատուներ ու ներկայացուցիչներ որոնց շարքին նշենք Իսրայելի Ռաբունապետը, Ալ Ազհար Համալասրանի Մուֆթի, Բարթողոմէոս Ա ու Համայն Ռուսիոյ Շիրիլ Բ Պատրիարքը, դրական յայտարարութիւններով հադէս եկած են։
Նորին Սրբութիւնը մարտ 1էն սկսեալ կը փոխադրուի Գասդել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց ու ապա, քահանայապետական ընրտրութիւններէ ետք պիտի վերադառնայ Վատիկան ուր բնակութիւն պիտի հաստատէ Վատիկանի Փակեալ կրօնաւորուհիներու միաբանութեան մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.