2013-02-12 16:11:39

''Արաբական գարունը շեղած է իր կէտնպատակէն'' Կ՛ըսէ ԳաղտԷացի Եկեղեցւոյ Նորընտիր Պատրիարքը։


Գաղտէացի եկեղեցւոյ նորրընտիր պատրիարք` գերերջանիկ Լուիս Սագօ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտարարած է թէ արաբական գարունը իր կէտնպատակէն շեղած է եւ թէ ներկայիս կը ծառայէ որոշ անհատներու շահերուն, ճամբայ բանալով ընդհարումի ու արիւնահոսութեան։
Արաբական գարունը սկիզբ առաւ պահանջելով ազատութիւն, հանրավարութիւն եւ ընկերային բարգաւաճում։ Դժբախտաբար այս արդար պահանջները շուտով իրենց նպատակէն շեղեցան - ըսած է Պատրաիրքը։

Նշենք որ Իրաքի Քիրքուք թեմի երբեմնի առաջնորդը ճանչցուած է որպէս երկխօսութեան մարդ։ Անցեալ մէկ փետրուարին Ան ընտրուեցաւ որպէս գաղտէացի եկեղեցւոյ Պատրիարք, յաջորդելով Էմմանուէլ Գ Տելլիի պատրիարքին, որ յառաջացած տարիքի բերումով` 85 տարեկանին, հրաժարականը ներկայացուցած էր անցեալ դեկտեմբերին։
Գաղտէացի եկեղեցին, ներկայիս կը հաշուէ շուրջ 800 հազար հաւատացեալ, աշխարհի ամենահին եկեղեցիներէն մէկն է անոր ծիսական լեզուն արամերէնն է` Յիսուսի լեզուն։
Ամերկացիներու Իրաք խուժումով` 2003-ին, իրաքցի քրիստոնեաները թիրախ դարձան ծայրայեղ մահմետականներուն։ Ներկայիս Իրաքին մէջ կ'ապրին շուրջ կէս միլիոն քրիստոնեաներ, որոնցմէ 300 հազարը գաղտէացի են։








All the contents on this site are copyrighted ©.