2013-02-11 10:34:58

Տիրամօր Երեւումները Պերնատէթին։


ֆրանսայի Լուրտ գիւղաքաղաքին մէջ7 1858-ի՝ 11 փետրուարին, Տիրամայրը կ՝երեւայ Պերնատէթ անունով աղջնակի մը։
Պերնատէթը՝ ֆրանսացի ջաղացպան ֆրանսուա Սուպիրու-ի եւ Լուիզ Գասթէրոյի աղջիկը, ծնած՝ 7 յունուար 1848-ին, անդրանիկն էր վեց զաւակներու։ Համեստ ընտանիք մը, աւելի ճիշտ ճակտի քրտինքով օրուան հացը գտնող՝ ընտանիք մը։
Տասնամեայ Պերնատէթը Նէվէրի քոյրերու ազգային դպրոցը կը յաճախէ։
Ամուր հաւատքի տէր, անոր բարութիւնն ու արդար հոգին կ՝արտացոլար իր դէմքէն։
Պերնատէթ կը տառապէր շնչարգելութենէ եւ իւրաքանչիւր թոքային նոպայէն ետք կը դառնար անսպառ ու թոյլ. եւ իր այս տառապանքը վիշտ ու վախ կը պատճառէին իր մօր, ու ապա նաեւ՝ իր միաբանութեան քոյրերուն։
Տիրամայրը 18 անգամ կ՝երեւի Պերնատէթին։
Առաջինը՝ 1858-ի 11 փետրուարին, սաստիկ ցուրտ կ՝ընէր յատկապէս ֆրանսայի այդ շրջանը։
ֆրանսուա Սուպիրու կը նկատէ որ տան մէջ փայտ չկայ։ Կը ղրկէ Պերնատէթը իր քրոջ հետ Մասսապիէլի քարայրի մօտիկ անտառը երթալու, փայտ բերելու համար. ճամբան անոնց կը միանայ ուրիշ բարեկամուհի մը եւս ։ Երեք աղջիկները չէին գիտեր ճամբան։
Կը հանդիպին պարաւի մը որ ցոյց կու տայ իրենց ճանապարհը ՜՜Massabielle՝՝ հասնելու։ Կ՝անցնին կամուրջը եւ կ՝ուղղուին դէպի ժայռոտ Massabielle։
Պերնատէթի քոյրը եւ անոր բարեկամուհին շուտով կ՝անցնին առուի դիմացի ափը, Պերնատէթ կը սկսի հանել իր բուրդէ գուլպաները. ու ժամը ճիշտ 12.ու կէսին կը լսէ շառաչիւն մը նման փոթորիկի ձայնին. ու իրեն կ՝երեւայ, երիտասարդ, լի շնորհքով՝ սպիտակ աղջիկ մը. աջ ձեռքէն վարդարան մը կախուած էր, կը ժպտար իրեն ու զինք իր մօտ կը կանչէ։
Աղօթելու ցանկութիւն մը ունեցայ - կըսէ ան- ձեռքս տարի գրպանս ու հանեցի վարդարանս որ միշտ հետս էր։ Ծնրադրեցի. կ՝ուզէի խաչակնքել, չկարողացայ։ Երիտասարդ աղջիկը շարժեցաւ իմ կողմս դարձաւ։ Ան այս անգամ մեծ վարդարան մը ունէր ձեռքին։ Ինք խաչակնքեց կարծես կ՝ուզէր աղօթել։ Դարձեալ փորձեցի խաչակնքել ու այս անգամ յաջողեցայ ու անկէ ետք այլեւս չվախցայ... Վարդարանս կ՝աղօթէի, ու աղջիկը կը սահեցնէր իր վարդրանին հատիկները, բայց շրթները չէին շարժեր։ Անոր զգեստը սպիտակ էր երկար ու մինչեւ պարանոցը (վիզը) փակ էր։ Ունէր սպիտակ քօղ մը Իւրաքանչիւր ոտքին դեղին վարդ տեսայ։ Զգեստի գօտին կապոյտ էր եւ կը հասնէր մինչեւ ծունկերը։ Վարդարանին շղթան դեղին էր իսկ հատիկները սպիտակ, խոշոր ու իրարմէ հեռու։ Երբ վարդարանս աւարտեցի ժպիտով մը ողջունեց զիս ապա ետ ետ երթալով դէպի խորշը, յանկարծ անհետացաւ՝՝։
Այս տեսիլքը շուրջ 15 վայրկեան կը տեւէ... որմէ ետք Պերնատէթ կ՝անցնի առուի միւս ափը։ Ու կը սկսին փայտ հաւաքել. կը բարձրանան դիմացի բլուրը, Պերնատէթ եռանդուն կ՝երեւար։ Քոյրը՝Թուանէթ, կը հասկնայ որ Պերնատէթ բան մը կը պահէ իրենցմէ, եւ երբ տուն կը հասնին կը հարցնէ. ՜՜ ի՞նչ պատահեցաւ՝՝ ։
Պերնատէթ ամէն ինչ կը պատմէ խնդրելով ծնողներուն բան մը չըսել... սակայն որոշ ժամանակ լուռ մնալէ ետք Թուանէթ իր մօր կը յայտնէ այն ինչ որ պատահած է իր քրոջ։ Ծնողները կ՝ապսպրեն ոչ մէկուն պատմել պատահածը, սակայն Թուանէթ իր ընկերուհիին՝ Ժաննին ալ կը պատմէ եղածը, որմէ ետք ալ բոլոր ընկերուհիներն ալ կը գիտնան։
Պերնատէթ 13 Փետրուարին՝ կ՝երթայ Լուրտի վարդապետներէն մէկուն մօտ խոստովանելու եւ ամէն ինչ կը պատմէ անոր։ 14 Փետրուարին՝ Խումբ մը աղջիկներու հետ կիրակնօրեայ պատարագէն ետք՝ կ՝երթան տեսիլքին վայրը։ Այդ օրը եւս կը յայտնուի աղջիկը (Տիրամայրը) եւ կը ժպտայ իրեն... Այդ տեսիլքէն ետք՝ Պերնատէթ հեգնանքի, ծաղրանքի ու յանդիմանութեան առարկայ կը դառնայ , նոյնիսկ ալ՝ ապտակի կ՝արժանանայ... Լուրտի մէջ միայն այս նիւթին մասին կը խօսուի, բարձր դասակարգի պատկանող երկու տիկիններ Անթուանէթ Պէյրէն եւ մեծահարուստ տիկին Միլհէն, յատուկէն կը հետաքրքրուին այս երեւումներուն մասին։ Տիրամայրը, իր 18 երեւումներուն ընթացքին, չխոստացաւ Պերնատէթին աշխարհի վրայ երջանկութիւն, այլ՝ երկնքի մէջ։ Իրեն սորվեցուց աղօթք մը զոր ինք աղօթեց մինչեւ իր մահը եւ որ ոչ ոքի սորվեցուց։ Անգամ մը Պերնատէթ այնքան յափշտակուած էր Տիրամօր տեսքէն որ երկար ժամանակ ձեռքը մոմի բոցին վրայ դրած եւ չէր զգար այրիլը. Տիրամայրը խնդրեց որ այնտեղ եկեղեցի մը կառուցուի իրեն համար, թափօր կատարուին ու աղօթքներ բարձրանան մեղքերու թողութեան համար։
25 Փետրուարի երեւումին՝ Տիկինը խնդրեց Պերնատէթէն որ ձեռքերը լուայ ու խմէ աղբիւրի ջուրէն ու մինչ աղջնակը կ՝երթար ուր որ ջուր կար Տիկինը ըսաւ իրեն, այստեղէն... ցոյց տալով քարայրին ներսը... ու Պերնատէթ փորեց հողը ուրկէ հրաշքով դուրս ելաւ ջուրը... Այս ջուրէն Լուիս Բուրիէթ անունով գործաւոր մը իր աչքը լուաց որ վիրաւորուած էր ժայռի քարէն անմիջապէս բուժուեցաւ. նոյնպէս տիկին Գաթրին Լաթաբի անուն տիկինը իր անդամալուծուած ձեռքը լուաց ու տեղւոյն վրայ բուժուեցաւ։ Անշուշտ քարայր յաճախողներուն թիւը օրէ օր կը բազմանար։ Իսկ կղերը վերապահ էր եւ երբ Պերնատէթ քահանային կ՝ըսէր թէ Տիկինը կ՝ուզէ որ... անմիջապէս կ՝ընդհատէր ըսելով ՜՜ես տիկինդ չեմ ճանչնար ... թող իր անունը տայ՝՝ եւ ձմրան այս օրերուն ծաղկեցնէ քարայրի մասրենին։
25 Մարտին՝ Աւետման տօնին օրը, Պերնատէթ երեք անգամ աղաչեց որ տիկինը իր անունը յայտնէ, այն ատեն, Տիրամայրը ձեռքերը տարածեց ու ժպիտով ըսաւ ՜՜Ես Անարատ Յղացեալն եմ սկզբնական մեղքէն՝՝։
Այդ տարիներուն՝ 1854-ին, այս երեւումներէն չորս տարիներ առաջ, երջանկայիշատակ Պիոս 9-րդ քահանայապետը Անարատ Յղութեան վարդապետութիւնը հռչակած էր, սակայն պարզ եւ համեստ ժողովուրդը, ու անոնց հետ նաեւ՝ Պերնատէթ տեղեակ չէին այս վարդապետութենէն, եւ աղջնակը ՜՜Անարատ Յղացեալ՝՝ բառին նշանակութիւնը չէր գիտեր, քանի որ լատիներէն էր... ասոր համար սկսաւ նախադասութիւնը կրկնել, ամբողջ ճանապարհին ընթացքին, եկեղեցի հասաւ ու քահանային ըսաւ. գիտեմ տիկնոջ անունը. ՜՜Անարատ Յղացեալ սկզբնական մեղքէն՝՝։ Այն ատեն է որ քահանան ըսաւ. - այո ան Ս. Կոյսն է։(այսինքն փոքրիկ պերնատէթին երեւցող տիկինը Ս. Կոյսն է...








All the contents on this site are copyrighted ©.