2013-02-11 12:57:42

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Անսպասելիօրէն Ներկայացուց Իր Հրաժարականը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը երկուշաբթի 11 փետրուարին իր գումարած կարդինալական խորհրդաժողովին ընթացքին, ժողովականներուն յայտարարեց թէ, յառաջացած տարիքի բերումով (85 տարեկան) ու եկեղեցւոյ բարիքին համար, յառաջիկայ փետրուար 28ին, կը հրաժարի Սուրբ Պետրոսի գահէն։

''Սիրեցեալ եղբայրներ, այս խորհրդաժողովին ձեզ հրաւիրեցի ոչ միայն միասնաբար քննարկելու երանելիներու սրբադասումը այլ նաեւ ձեզի հաղորդելու, եկեղեցւոյ կեանքին հայող, շատ կարեւոր որոշում մը։ Զանազան անգամներ Աստուծոյ առջեւ քննելէ ետք խիղճս, հասայ այն համոզումին որ` ուժերս, յառաջացած տարիքի բերումով, այլեւս ատակ չեն պատշաճ կերպով կատարելու ինծի յանձնուած պաշտօնը։
Գիտակից եմ, որ այս պաշտօնը իր հոգեւոր բնութեամբ, պէտք է կատարուի ոչ միայն գործերով եւ խօսքերով, այլ ոչ նուազ նաեւ` չարչարուելով եւ աղօթելով: Յաճախակի փոփոխումներու ենթարկուած, եւ հաւատքի կեանքի մեծ նշանակութիւն ունեցող հարցերով վրդոված ներկայ աշխարհին մէջ, Սուրբ Պետրոսի նաւը կառավարելու համար եւ Աւետարանը հռչակելու համար անհրաժեշտ է նաեւ կենսունակութիւնը, ըլլա՛յ մարմնի ըլլա՛յ հոգիի, կենսունակութիւն մը, որ վերջին ամիսներուն մէջս նուազեցաւ այնպէս որ ընդունեցայ, իմ անկարողութիւնս, լաւ մատակարարելու համար ինծի վստահուած պաշտօնը''։

Սրբազան Հայրը Ապա աւելցուց.

''Գիտակից այս որոշումի կշիռքին, ազատ կամքով, կը յայտարարեմ հրաժարիլ Հռոմի եպիսկոպոսի` Սուրբ Պետրոսի յաջորդի պաշտօնէն` որ ինծի վստահուեցաւ 19 ապրիլ 2005-ին կարդինալներու կողմէն։ Այնպէս որ յառաջիկայ 28 փետրուար 2013-ի ժամը 20էն սկսեալ Ս. Պետրոսի աթոռը թափուր կը մնայ։ Առ այդ պէտք է գումարուի կարդինալներու ժողով մը նոր քահանայապետի ընտրութեան համար։''

Նորին սրբութիւնը ապա կարդինալական դասին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն անձին հանդէպ ցուցաբերած սիրոյն եւ համագործակցութեան այս ծանր առաքելութիւնը յառաջ տանելու համար ու աւելցուց. ''ներողութիւն կը խնդրեմ իմ բոլոր դերութիւններուս համար''։

Այժմ - ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը - Եկեղեցին վստահինք անոր Գերագոյն Հովիւին` Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին, ու հայցենք Անոր Մօր Մարիամէն`որ իր մայրական բարութեամբ ընկերանայ Կարդինալ Հայրերուն, ընտրելու`նոր Սրբազան Քահանայապետը։
Գալով ինծի, ապագային նաեւ, կ՛ուզենամ ամբողջ սրտով ծառայել Աստուծոյ Սուրբ Եկեղեցին` աղօթքի նուիրուած կեանքով։

Տուեալ Վատիկան 10 փետրուար 2013

-----------------------


BENEDETTO XVI

DECLARATIO
Dear Brothers,
I have convoked you to this Consistory, not only for the three canonizations, but also to communicate to you a decision of great importance for the life of the Church. After having repeatedly examined my conscience before God, I have come to the certainty that my strengths, due to an advanced age, are no longer suited to an adequate exercise of the Petrine ministry. I am well aware that this ministry, due to its essential spiritual nature, must be carried out not only with words and deeds, but no less with prayer and suffering. However, in today’s world, subject to so many rapid changes and shaken by questions of deep relevance for the life of faith, in order to govern the bark of Saint Peter and proclaim the Gospel, both strength of mind and body are necessary, strength which in the last few months, has deteriorated in me to the extent that I have had to recognize my incapacity to adequately fulfill the ministry entrusted to me. For this reason, and well aware of the seriousness of this act, with full freedom I declare that I renounce the ministry of Bishop of Rome, Successor of Saint Peter, entrusted to me by the Cardinals on 19 April 2005, in such a way, that as from 28 February 2013, at 20:00 hours, the See of Rome, the See of Saint Peter, will be vacant and a Conclave to elect the new Supreme Pontiff will have to be convoked by those whose competence it is.
Dear Brothers, I thank you most sincerely for all the love and work with which you have supported me in my ministry and I ask pardon for all my defects. And now, let us entrust the Holy Church to the care of Our Supreme Pastor, Our Lord Jesus Christ, and implore his holy Mother Mary, so that she may assist the Cardinal Fathers with her maternal solicitude, in electing a new Supreme Pontiff. With regard to myself, I wish to also devotedly serve the Holy Church of God in the future through a life dedicated to prayer.
From the Vatican, 10 February 2013

BENEDICTUS PP XVI









All the contents on this site are copyrighted ©.