2013-02-11 10:34:30

Լուրտի Տիրամօր Ա. Երեւման 155-րդ Տարեդարձը


Լուրտի Տիրամօր Տօնին կը նշուի նաեւ Հիւանդի Համշախարհային Օրը։
Երկուշաբթի 11 Փետրուար 2013, Լուրտի Տիրամօր Ա. Երեւման 155-րդ տարեդարձն է. Այդ օրը կը նշուի նաեւ Հիւանդի Համշախարհային օրը։ Այդ օրը կը նախատեսուի որ 30.000 հոգի ուխտագնացութիւն կատարեն Լուրտի Տիրամօր սրբավայրը...։
Տիրամայրը 18 անգամ կ՝երեւի Պերնատէթին։
Առաջինը՝ 1858-ի 11 փետրուարին, իսկ վերջինը 16 Յուլիս 1858-ին։
Պերնատէթէն Տիրամայրը հրաժեշտ առնելով (16 Յուլիս 1858-ի երեկոյեան) մինչ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի զանգերը կը հնչէին, յայտնեց ՜՜Անարատ Յղացեալի՝՝ ճշմարտութիւնը եւ հրաւիրեց հաւատացեալները ապաշխարութեան։ Լուրտի առաջնորդը՝ Լորանս եպիսկոպոսը, հաստատեց, վկայեց երեւումներուն մասին 18 Յունուար 1862-ին։ Եւ 7 Յուլիս 1866-ին Պերնատէթ մտաւ Նէվէրի գթութեան կրօնաւորուհիներու վանքը եւ իր ուխտերը կատարեց 30 Հոկտեմբեր 1867-ին։ Մահացաւ երկար հիւանդութենէն ետք 16 Ապրիլ 1879-ին 35 տարեկանին. եւ իր մարմինը ամփոփուեցաւ վանքի գերեզմանին մէջ Աւագ Շաբաթ օրը՝ 19 Ապրիլ 1879-ին։ Երանացման դատին համար գերեզմանը երեք անգամ բացուեցաւ (1909-ին, 1919-ին եւ 1925-ին) եւ այս երեք անգամներուն մարմինը անապականած վիճակի մէջ։ Անոր մարմինը դրուեցաւ ապակիէ տապանի մէջ, ու եկեղեցւոյ մէջ յատուկ խորանի մը վրայ դրուեցաւ որպէսզի այցելուներուն մեծարանքի արժանանայ։ Լուրտի Տիրամօր տօնին օրը, Հիւանդի համաշխարհային օր է, քանի որ փաստուած բազմաթիւ հրաշքներ կատարուեցան այնտեղ, մինչեւ այսօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.