2013-02-11 10:38:05

Դամասկոսի Մէջ Ռայի Պատրիարքը Մասնակցեցաւ Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Անտիոքի Եւ Համայն Արեւելքի Պատրիարքին Օծումին


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Դամասկոսի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ յոյն ուղղափառ համայնքի Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին օծումին, որ վերածուեցաւ Արեւելքի մակարդակով միջկրօնական վեհաժողովի մը:
Օծման արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Սուրիոյ վարչապետը, կառավարութեան անդամները, խորհրդարանի նախագահը, քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւորականներ, դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Օծման արարողութենէն ետք Եազիժի պատրիարքը ստանձնեց պատրիարքին գաւազանը եւ նստեցաւ պատրիարքին յատկացուած յատուկ աթոռին վրայ:
Ապա խօսք մը արտասանեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը, որ կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ գործելու իսլամ-քրիստոնեայ միասնականութեան ամրապնդման ի խնդիր:
«Յատկապէս Սուրիոյ դիմագրաւած այս տագնապալի օրերուն ընթացքին, մենք պէտք է միասնաբար գործենք` վերացնելու համար այս տագնապը եւ դարձեալ փաստելու համար, որ Սուրիան մէկ է, անոր պատմութիւնը մէկ է եւ ապագան մէկ պիտի ըլլայ», ըսաւ Լահհամ պատրիարքը:
Իր խօսքին մէջ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ինք Դամասկոս կը գտնուի` հաստատելու համար իրենց միջեւ սիրոյ, եղբայրութեան, զօրակցութեան եւ գործակցութեան արմատներուն գոյութիւնը:
«Մենք Սուրիա այցելեցինք նաեւ մեր զօրակցութիւնը յայտնելու ցաւերու մէջ գտնուող Սուրիոյ ժողովուրդին եւ մեր բոլոր եկեղեցիներուն անունով ընդգծելու, թէ այս շրջանին մէջ մենք կը զօրակցինք իրենց ու մեր արմատները խոր են Սուրիոյ մէջ, եւ Սուրիան մեր բոլորին է: Եկած ենք ըսելու, որ մենք մեզի հետ բերած ենք խաղաղութեան Աստուածաշունչը, եղբայրութեան Աստուածաշունչը, պատգամի Աստուածաշունչը, մարդ արարածին արժանապատուութեան եւ անոր արժէքին Աստուածաշունչը: Իւրաքանչիւր մարդ արարած, որ կը նահատակուի Սուրիոյ հողերուն վրայ, կը նմանի Յիսուս Քրիստոսի աչքերէն հոսող արցունքի մը», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Եազիժի պատրիարքին ըլլալու ամբողջ շրջանին խաղաղութեան երաշխիքը եւ անհրաժեշտ նկատելու մարդ արարածին արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքը, ինչպէս նաեւ պահպանելու անոր կեանքը:
«Իսկ բոլոր այն յայտարարութիւններն ու պահանջները, որոնք կը կոչուին բարեկարգումներ, մարդկային իրաւունքներ եւ ժողովրդավարութիւններ, այս բոլոր պահանջները համազօր չեն նկատուիր անմեղ մարդ արարածի մը թափած արեան», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:
Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը իր խօսքին մէջ շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ միասնականութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ Սուրիա, իր իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին ընդմէջէն փրկութեան դրան պիտի հասնի խաղաղ երկխօսութեամբ:
Եազիժի պատրիարքը ողջունեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը:
«Սիրելի՛ իսլամ եղբայրներ, մենք եւ դուք մէկ ենք եւ գործընկերներ, կ՛ապրինք նոյն հողին վրայ եւ միասնաբար ստեղծած ենք այս երկրին քաղաքակրթութիւնը եւ կը բաժնենք նոյն պատմութիւնն ու մշակոյթը», ըսաւ ան:
Եազիժի կոչ ուղղեց ազգային միասնականութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ համերաշխութեան պահպանումին` աւելցնելով, որ սէրը բռնարարքներու եւ ատելութեան դէմ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.