2013-02-11 10:47:09

«Ասատի Վարչակարգը Ուշ Կամ Կանուխ Վերջ Պիտի Գտնէ» Կ՛ըսէ Օպամա


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա թրքական «Միլլիյեթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը ուշ կամ կանուխ վերջ պիտի գտնէ, եւ սուրիացի ժողովուրդին առիթ պիտի ընծայուի ինքն իր ճակատագիրը որոշելու, իսկ մենք Թուրքիոյ եւ միջազգային ընտանիքին հետ կողք կողքի պիտի շարունակենք ապագային համար ջանք թափել»:
Ան ըսաւ, որ «այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ կը պատահի, աղէտ կը նկատուի: Ասատի վարչակարգը շարք մը թաղամասեր քանդեց, կիներ ու մանուկներ սպաննեց եւ անպատսպար ձգեց ժողովուրդը, որ միայն իր իրաւունքները կը պահանջէր: Այս վարչակարգը իր օրինականութիւնը կորսնցուց եւ այդ պատճառով ալ ան (Ասատ «Ա.») պէտք է իր պաշտօնէն հեռանայ»:
Օպամա շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ` ներքաղաքական փոփոխութեան հոլովոյթին սկսելու, Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն վերջ տալու, ինչպէս նաեւ 170 հազար սուրիացի գաղթականներ հիւրընկալելու համար` վստահեցնելով, որ «յառաջիկայ օրերը դժուար պիտի ըլլան, վարչակարգը կը շարունակէ տկարանալ եւ իր հողերուն նկատմամբ վերահսկողութիւնը կորսնցնել, որուն փոխարէն սուրիական ընդդիմութեան զօրութիւնը կ՛աճի»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը նկատեց «լաւ բարեկամ մը եւ միջազգային շարք մը հարցերու մէջ մեծ գործընկեր մը, որուն անունն ու կեցուածքները շրջանի եւ աշխարհի երկիրներուն մէջ լաւապէս կը լսուին, իսկ թրքական կառավարութիւնը երկար ատենէ ի վեր մեծ ջանքեր ի գործ դրաւ ազատութեանց եւ ժողովրդավարութեան մարզերուն մէջ բարեփոխումներու ճամբով` շարք մը մարզերու, ներառեալ` խօսքի ազատութեան մարզին մէջ համապարփակ բարգաւաճման համար»:
Նշենք, որ վերջերս թուրք-ամերիկեան յարաբերութեանց մէջ լարուածութիւն յառաջացած էր, երբ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը քննադատած էր Թուրքիոյ մէջ արդարադատութեան մարզը եւ խօսքի ազատութեան սահմանափակումները:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի` անդրադառնալով սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու հարցին, յայտնած է. «Շատ զոհեր, բռնութիւններ տեղի կ՛ունենան, եւ մենք յառաջընթաց արձանագրելու համար ջանքեր կը գործադրենք: Սուրիոյ մէջ Ժապհաթ Նուսրան` Իրաքի Քայիտան եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ կապուած բազմաթիւ լուրջ խնդիրներ կան: Շատ խառն եւ վտանգաւոր իրավիճակ ստեղծուած է: Քիմիական զէնքի գոյութիւնը եւս մտահոգիչ է»: Ըստ անոր, այժմ կը քննարկուի, թէ իրավիճակը շտկելու համար ի՛նչ քայլերու կարելի է ձեռնարկել:
Մինչ այդ, թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ ուրբաթ օր Գահիրէէն մեկնելէ առաջ առաջարկած է, որ Սուրիոյ տագնապը լուծեն շրջանի երկիրները` աւելցնելով, որ արեւմտեան երկիրները առայժմ տագնապի լուծման լաւ ելք մը չեն ներկայացուցած:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըտքատ երէկ յայտարարեց, որ «սուրիական տագնապը վերջ պիտի գտնէ առանց նախապայմաններու երկխօսութեան եւ ազգային հաշտութեան ճամբով»: Ան մէկ օր առաջ նաեւ նշած էր, որ կառավարութիւնը պատրաստ է նաեւ զինեալ ընդդիմութեան հետ երկխօսութեան, եթէ վերջինս իր զէնքերը վար դնէ: Կառավարութիւնը մինչեւ օրս կը մերժէր «ահաբեկիչներու» հետ բանակցիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.