2013-02-10 12:36:38

Սրբազան Քահանայապետին Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 10 Փետրուար 2013-ի կէսօրին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց կեդրոնանալով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ։
Ղուկաս աւետարանիչը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - միւս աւետարանիչներէն կը տարբերի ու եզակի կերպով կը ներկայացնէ Յիսուսի առաջին առաքեալներու կոչը, որ կանխուած է Յիսուսի ժողովուրդին քարոզութենէն ու հրաշագործ ձկնորսութեան դէպքէն։

''Երբ աւարտեց իր խօսքը ըսաւ Սմոնին. ''Առաջացի'ր դէպի բացերը եւ ուռկանները նետեցէք` ձուկ որսալու համար''։ Սիմոն ըսաւ. ''Վարդապետ, ամբողջ գիշերը յոգնեցանք եւ բան չորսացինք, սակայն քու խօսքիդ համար ուռկանները պիտի նետեմ''։ Այդպէս ալ ըրին եւ այնպիսի մեծ քանակութեամբ ձուկեր բռնեցին, որ ուռկանները կը պատռէին։''

Աւետարանիչը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ցոյց կու տայ թէ ինչպէս վստահելով Յիսուսին խօսքերուն, առաքեալները հետեւեցան Անոր։ Այս է Աստուծոյ կոչումին մանկավարժութիւնը որ չի նայիր ընտրեալներուն որակին այլ անոնց հաւատքին։

Այօրուայ սուրբ գրային ընթերցումը մեզ կը մղէ խորհրդածելու քահանայական ու նուիրեալ անձերու կոչումին վրայ։ Ան Աստուծոյ գործն է։ Մարդը իր կոչումին հեղինակը չէ, այլ Աստուածային առաջարկին պատասխան։ Մարդկային տկարութիւնը պէտք չէ վարանի երբ Աստուած է որ կը կանչէ։ Հարկ է վստահիլ անոր զօրութեան որ կը գործէ մեր աղքատութեան մէջ. Հարկ է միշտ աւելիով վստահիլ Անոր ողորմութեան զօրութեան որ կ՛այլափոխէ եւ կը նորոգէ։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր ­ ըսաւ հուսկ Սրաբազան Հայրը խորհրդածութիւնը եզրափակելով - Աստուծոյ խօսքը թող վերակենդանացնէ մեր ու մեր քրիստոնեայ հասարակութիւններուն մէջ քաջութիւնը, վստահութիւնը եւ սլացքը հռչակելու եւ վկայելու Աւետարանը։ Մեզի կ՛իյնայ ուռկանները նետել հաւատալով, մնացածը Տէրը կը հոգայ։

Պենետիկտոս ԺԶ Աստուածամօր բարեխօսութեան յանձնելով Յիսուսի հետեւելու առաջադրութիւնը, զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները վերյիշելով Արեւելքի մի քանի շրջաններու մէջ այսօր նշուող ''լուսնի նոր տարին''։ Նորին սրբութիւնը այդ ժողովուրդներուն մաղթեց խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն ու յատուկ ողջոյնի խօսքը մը ուղղեց այդ երկիրներու կաթողիկէ հաւատացեալներուն որպէսզի այս ''հաւատոյ տարուայ'' ընթացքին թոյլ տան որ Քրիստոսի Իմաստութիւնը առաջնորդէ իրենց քայլերը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յիշեց վաղը - երկուշաբթի 11 փետրուարին- նշուելիք ''Լուրտի Տիրամօր'' տօնը եւ ''Հիւանդներու համաշխարհային օրը'' իր աղօթքներն ու մօտիկութիւնը վստահեցնելով բոլոր հիւանդներուն ու հոգեւոր միութիւնը յայտնելով Լուրտի սրբավայրին մէջ համախմբուած հաւատացեալներուն։ Ան ապա բարի կիրակի մաղթեց ներկաներուն ու անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.