2013-02-09 11:34:30

Եգիպտոսի Մէջ Կրօնական Հրամանագիր Մը Հրապարակուած Է՝


Ընդդիմութեան Ղեկավարները Սպաննելու ...
Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը վերահսկողութեան տակ առած է եգիպտական ընդդիմութեան ղեկավարներէն Մոհամետ Պարատէիի տունը, այն բանէն ետք, երբ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հակառակորդները սպաննելու կրօնական հրամանագիր հրապարակուած է (կը հաղորդէ «Ռաշա Թուտէյ»):
Հրամանագիրի հեղինակն է Ազհար համալսարանի դասախօս շէյխ Մահմուտ Շաապան:
Ըստ Շաապանի, դատաստանը պէտք է սկսիլ Ազգային փրկութեան ճակատի ղեկավարներէն Մոհամետ Պարատէիէն եւ Համտուն Սուպահիէն, որոնք կոչ կ՛ուղղեն տապալելու վարչակարգը եւ կայացնելու նախագահական նոր ընտրութիւններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.