2013-02-09 11:15:58

2013ը՝ Հ Ա Յ Մ Օ Ր Տ Ա Ր Ի։


Հայ մայրը՝ հայ կեանքէն ներս
Հայ մայրը հայ ժողովուրդի պատմութեան մայր էջին վրայ միշտ եղած է առանցքային ներկայութիւն: Անոր տիրական ներկայութիւնն ու իւրայատուկ դերակատարութիւնը ակներեւ են մեր կեանքի կրօնական, մշակութային, քաղաքական, ընկերային, մարդասիրական մարզերէն ներս ու նոյնիսկ ազատագրական պայքարին մէջ: Կարելի չէ ամբողջական կերպով հասկնալ հայոց պատմութիւնը առանց անդրադառնալու հայ մօր առաքելութեան, եւ փոխադարձաբար՝ կարելի չէ ճիշդ ու ամբողջական կերպով ըմբռնել հայ մօր եզակի դերը, առանց խորաթափանց ակնարկով քննելու հայոց պատմութիւնը:
Հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ու ընդհանրապէս մեր ազգի կեանքին, հայ մայրը բերած է գործօն մասնակցութիւն ու կարեւոր նպաստ եւ իր սրբակենցաղ կեանքով, ծառայական դերով, անմնացորդ նուիրումով եւ նոյնիսկ արեան վկայութեամբ հարստացուցած է մեր հաւաքական կեանքը՝ մեր պատմութեան ճակատագրական պահերուն գրաւելով առաջնորդողի ու առաջնորդի դիրքը: Մեր մատենագիրները՝ Ագաթանգեղոս, Խորենացի, Եղիշէ եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցւոյ Հայրապետները՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ մինչեւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եւ նոր ժամանակներու մեր հոգեւոր հայրերը սքանչելի տողերով բնորոշած են հայ մօր դերը: Թերեւս ամենէն աւելի ցայտուն ու հարազատ կերպով հայ մշակոյթն է, Ասոր պիտի անդրադառնանք մեր յաջորդ սփռումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.