2013-02-08 12:52:40

“Ազգային Ռատիօ”-ն Արցախի Մէջ։


Արցախի լրատուական դաշտին մէջ շուտով պիտի յայտնուի նոր լրատուամիջոց մը: “Ազգային Ռատիօ եւ Հեռուստատեսութիւն” ՍՊԸ-ն արդէն ստացած է համապատասխան արտօնագիրը եւ նախնական տուեալներուն համաձայն` 106.30 FM յաճախականութեամբ եթեր պիտի հեռարձակուի ամենաուշը այս տարուան Մայիսին:
Այս մասին կը գրէ Karabakh-open.info-ն:
“Նկատի առնելով, որ Արցախում գործող ռատիոկայանների մեծամասնութիւնը ժամանցային են կամ սահմանափակ եթերաժամով, որոշեցինք լրացնել տեղեկատուական այդ բացը եւ ստեղծել մի ռատիոկայան, որը 24 ժամ կը հեռարձակուի Ստեփանակերտում, յարակից շրջաններում եւ համացանցում”,(ըսած է ընկերութեան տնօրէն Կիմ Գաբրիէլեան): Նախնական տուեալներով “Ազգային Ռատիօ”-ն պիտի ունենայ երեք լրագրողներ , մէկ խբագիր եւ հաղորդավարներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.