2013-02-08 11:33:33

Մեծաթիւ Հայորդիներու Ներկայութեան Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Նուիրուած Տօնահանդէս


Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, նախագահութեամբ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի եւ կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան միութիւններուն, երէկ` չորեքշաբթի, 6 փետրուար 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց նուիրուած տօնահանդէս` ներկայութեամբ հոգեւորականներու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, կրթական գործիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Եղիկ Պետրոսեան, որ կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու Քրիստոսի ու հայրենիքի նկատմամբ անխախտ սիրոյն եւ չհեռանալու արժէքներէն ու հաւաքական մօտեցումէն:
Օրուան պատգամախօսն էր հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեան, որ Վարդանանց խորհուրդը արժեւորելէ ետք նշեց, որ երբեք պարտաւորուած չենք եղած ու պիտի չըլլանք մեր կրօնը ուրանալու` բոլոր պայմաններուն ու պարագաներուն տակ, ի հարկին նահատակներ տալու գնով:
Հայր Մաշտոց աւելցուց, որ «Վարդանանց ճակատամարտէն անցած է 1562 տարի, եւ այսօր Վարդանանքը յիշատակի առիթ չէ, այլ` տօնախմբութիւն, որովհետեւ անոնց թափած արիւնը հանդիսացաւ Ս. Աւետարանի ցորենի հատիկը եւ ոռոգեց հայ ազգին յաւերժութեան ծառը»:
Ան յայտնեց, որ Վարդանանց տօնը խղճի քննութիւն կատարելու պահն է, թէ մենք որքա՞ն հաւատարիմ ենք նահատակներու կտակին, եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին: Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի նորօրեայ պայքարի մարտահրաւէրներուն` հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեան ըսաւ, որ պայքարի յաղթական աւարտին նախապայմանը հայութեան միասնականութիւնն է, ինչ որ այսօր հեռու է ամբողջական ըլլալէ:
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը` մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի «Հաւասի» համոյթին, վարժարանի նուագախումբին, վարժարանի «Շուշի» պարախումբին, ինչպէս նաեւ «Բլբուլ» եւ «Արծիւեան» երգչախումբերուն: Յայտնենք, որ ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր Սուրբ Մեսրոպի արիներ խումբը:
Վարդանանց տօնակատարութեան աւարտին խօսք առաւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, որ նշեց, թէ Վարդանանց ճակատամարտի գլխաւոր խորհուրդը ազգային միասնականութիւնն է` միասնաբար շարունակելու վարդաններու եւ ղեւոնդներու երթը: Գերապայծառը շեշտեց, որ հայ ըլլալը պատիւ է, եւ իւրաքանչիւր հայ այդ հպարտութեան զգացումը պէտք է ունենայ:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ պահպանիչով:








All the contents on this site are copyrighted ©.