2013-02-08 13:12:32

ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՐԻ
Փրկչին չարչարանքները եւ մեր հաւատքը


Մենք՝ քրիստոնեաներս, կը խոստովանինք ու կը դաւանինք որ մեր Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս չարաչարուեցաւ խաչուեցաւ ու մեռաւ մեր սիրոյն համար: Կարելի չէ տարակուսիլ թէ Իր հոգին, զգացած չըլլայ այդ չարչարանքները: Այս պատճառաւ, ինքնիրեն համար կ՛ըսէ. Հոգիս տխուր է մեռնելու աստիճան: Անտարակոյս, մարդկային բնութիւնը, իր մէջ, միացած էր աստուածային անձի մը, բայց ասիկա չէր արգիլեր որ ան չարչարուէր այնպիսի սաստկութեամբ, որ կարծես այդ միութիւնը եղած չ՛ըլլար:
Ահաւասիկ թէ ինչպէս աւետարանիչները խնամքով նկարագրած են Քրիստոսի չարչարանքները եւ թէ մենք ինչպէս պէտք է զանոնք մեծ հաւատքով առնել:
Յիսուս կը ձաղկուի: Ձաղկանքը ամենէն սոսկալի պատիժներէն էր. կը կայանար սաստիկ ծեծի մը մէջ, որով ձաղկուողին մարմինը պատառ պատառ կ՛ըլլար: Զինուորները կը յարձակին Յիսուսի վրայ, կը քաշեն բակին մէջ եւ զինքը մերկացնելէ ետք՝ կը կապեն սիւնի մը: Վայրաք դահիճները ձեռքերնին կ՛առնեն կարծր խարազաններ եւ կը սկսին Յիսուսը ծեծել. նախ իր մարմինը կապոյտ հետքեր կ՛ունենայ եւ քիչ յետոյ արիւնը կը սկսի ժայթքիլ ու կը լուայ գետինը, դահիճներուն ձեռքերն ու երերսը: Յիսուսի մարմինը հսկայ վէրք մըն է, եւ սակայն, այդ վայրենիները չեն դադրիր զարնելէ: Յիսուս բերանը չի՛ բանար, չի՛ գանգատիր. կը համբերէ, նուիրելով այս սաստիկ տանջանքը իր Երկնաւոր Հօր, մեր մեղքերուն համար. « Անիկա բերանը չբացաւ, ինչպէս լուռ գառնուկ մը՝ զինքը մորթողին առջեւ» (Գործք Առաք.8, 32):
Ինչպէ՞ս կրնանք չհաւատալ Յիսուսի Գերագոյն սիրոյն, երբ կը տեսնենք այս վէրքերը, զորս մեզի համար ընդունած է: Աստուած մը մեզի համար կը չարչարուի: Յիսուս չի՛ գոհանար մէկ հարուածով, այլ յանձն կ՛առնէ որ պատառ պատառ ըլլայ իր մարմինը. «խոցոտուեցաւ մեր անօրէնութիւններուն պատճառաւ» (Եսայի, 43, 5). իր վէրքերը, որոնք կը ծածկէին իր ամբողջ մարմինը ոտքէն մինչեւ գլուխ՝ կը նմանցնէին զինքը բորոտի մը. « Զինքը բորոտ համարեցինք»: (Եսայի, 43, 4)
Եւ սակայն, իր ձաղկանքի ընթացքին, Յիսուս կը մտածէր մեր վրայ, եւ իր դառն տանջանքները կը նուիրէր Երկնաւոր Հօր՝ որպէսզի մենք ազատինք դժոխքի յաւիտենական տանջանքներէն:
Յիսուսի ձաղկելէն ետք, զինուորները հաւաքուեցան իր շուրջը, իրեն հագցուցին կարմիր ցնցոտի մը իբրեւ թագաւորական զգեստ, ձեռքը տուին եղէգ մը իբրեւ մական եւ գլուխը դրին փուշէ պսակ մը՝ որպէս թագաւոր: Եւ որովհետեւ փուշերը բաւական չէին մտներ Յիսուսի գլխուն մէջ, կը խլէին անոր ձեռքէն եղէգը, եւ ուժով մը գլխուն վրայ կը զարնէին: Արիւնը առատօրէն կը հոսի Յիսուսի դէմքին ու կուրծքին վրայ, եւ սակայն կը լռէ: Բայց՝ այն անգութ թահիճները դեռ գոհ չեն, կը նետուին գետին Յիսուսի առջեւ եւ ծաղրելով կ՛ըսեն. «Ողջոյն, ո՛վ հրէից Թագաւոր», ու կը սկսին ծիծաղիլ, պոռալ, ու զինքը ապտակել:
Երբ Պիղատոս տեսաւ Յիսուսը ձաղկանքէն ետք, սաստիկ յուզուեցաւ անոր արիւնալուայ կերպարանքէն եւ խորհեցաւ թէ հրեաները պիտի գթան անոր վրայ: Բայց ո՛վ սարսափ, ապերախտ հրեաները աւելի կարծրացած կը պոռան. «Ի խաչ հան, ի խաչ հան»: Այս ատեն Պիղատոս կը յանձնէ Յիսուսը հրեաներուն ձեռքը: Եւ անոնք դէպի մահ կ՛առաջնորդեն պոռալով՝ իր արիւնը թող թափի մեր ու մեր որդիներուն վրայ»: Եւ այսպէս Յիսուս չի՛ բողոքեր. լռութեամբ եւ խոնարհութեամբ կ՛ընդունի իր մահավճիռը, որ մեր հաւատքի փրկութիւնն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.