Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, յառաջիկայ 11 փետրուարին կարդինալական խորհրդաժողով մը գումարած
է Որուն ընթացքին Կարդինալական դասին հետ կ՛ուզէ, Հռոմ բնակութիւն հաստատող կարտինալներու
կարծիքը իմանալ, երեք երանելիներու սրբադասումին գծով։ Երեք երանելիներէն առաջինը`
երանելի Անթոնիօ Բրիմալտօն ու անոր նահատակ ընկերներն են որոնք հարաւային Իտալիոյ Օդրանթօ
քաղաքին մէջ սպաննուեցան մահմետականներէն 1480-ին ։ Անոնք, իրենց քաղաքին անկումէն ետք,
մերժած էին իսլամանալ։ Այլ երկու երանելիները` եղած են հիմնադիրները երկու կրօնաւորական
միաբանութիւններու։ Առաջինը գոլոմպիացի կրօնաւորուհի Լօրա Ուբեկի (1874-1949) հիմնադիրը
միսիոնարներու Անարատ Յղութեան կրօնաւորական միաբանութեան։ Իսկ եկրորդը` Մեքսիքացի երանուհի
Մարիա Զավալա (1878-1963) հիմնադիրը սրբուհի Մարիա-Մարկերիթ աղախիներու կրօնաւորական
միաբանութեան։