2013-02-08 12:46:06

Բուռն Բախումներ Դամասկոսի Ծայրամասերուն Մէջ։ Վերջ Գտած Գահիրէի Իսլամ Երկիրներու Վեհաժողովը։


Սուրիոյ պետական եւ ընդդիմութեան մօտիկ աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Հինգշաբթի, Փետրուար 7ին, մէկ օր առաջ սկսած բուռն բախումները շարունակուած են Դամասկոսի ծայրամասերու զանազան շրջաններուն մէջ, որոնք համեմատաբար մեղմացած են Հինգշաբթի երեկոյեան:
Իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզող պետական պաշտօնատար մը հաղորդած է, թէ բանակը կրցած է իր հակակշիռին տակ առնել միջազգային օդակայանի մօտակայ երկու շրջաններ, որոնք ժամանակ մը ընդդիմութեան կողմէ գրաւուած էին, իսկ բախումներուն ընթացքին «սպաննուած են 268 ահաբեկիչներ»:
Ընդդիմութեան աղբիւրներուն համաձայն՝ Հինգշաբթի օրուան բախումներուն ընթացքին սպաննուած են 19 քաղաքային, 28 ընդդիմադիր զինեալներ եւ 8 զինուորներ , իսկ Չորեքշաբթի օր՝ 66 զինեալներ , 39 զինուորներ եւ 36 քաղաքայիններ :
Միւս կողմէ, Գահիրէի մէջ հաւաքուած Իսլամ Երկիրներու ղեկավարները Հինգշաբթի օր կոչ ըրին Սուրիոյ ընդդիմութեան եւ կառավարութեան, որպէսզի երկխօսութեան ճամբով լուծում մը գտնեն այս տագնապին, իսկ ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ճաաֆարի յայտարարեց թէ ՝՝իրականութեան չեն համապատասխաներ այն տեղեկութիւնները, թէ Սուրիոյ վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին թիրախներէն մէկը դէպի Լիբանան զէնքեր փոխադրող ինքնաշարժներու շարասիւն մըն էր՝՝:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով Հռոմի մէջ յայտարարեց, թէ Սուրիոյ տագնապը «պիտի սկսի լուծուելու, եթէ ընդդիմութիւնը որոշէ կառավարութեան հետ երկխօսութիւն կատարել»: Ան աւելցուց. «Եթէ ընդդիմութեան ղեկավար Խաթիպը գիտակցի, որ տագնապէն դուրս գալու համար քաղաքական լուծումն ու կառավարութեան հետ երկխօսութիւնը այլընտրանք չունին, ապա լուծումը տեղաշարժ պիտի արձանագրէ»:









All the contents on this site are copyrighted ©.