2013-02-07 13:09:52

Ռուսիոյ Կառավարութիւնը Իր Գոհունակութիւնը Յայտնած է Պատրիարք Կիւրեղ Ա.ի Չորս Տարիներուն Ընթացքին Տածած Հովութեան Համար։


Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքի ընտրութեան չորրորդ տարեդարձին առթիւ Ռուսիոյ կառավարութիւնը ողջունած է Կիւրեղ Ա. պատրիարքին առաջին չորս տարիներուն աշխուժութիւնն ու բարենորոգումները։
Նախագահ Բուդին իր յայտարարութեան մէջ ընդգծած է որ Դաշնակցային Ռուսիոյ ցայժմ կատարած նուաճումները արդիւնքն են հայրենասիրութեան, հաւատքի ու հոգեւորութեան զօրութեան։ Ան մաղթեց որ օրթոտոքս եկեղեցին այլ աւանդական կրօններու հետ միասին տէրը դառնան ընկերութեան։
Իր կարգին Կիւրեղ պատրիարքը իր խնդակցութիւնը յայտնեց երկխօսութեան ամրապնդումին պետութեան ու եկեղեցւոյ միջեւ, յարելով որ շնորհիւ այդ սերտ կապին կարելի եղաւ լուծել բազմաթիւ ընկերային հարցեր։
Նշենք որ Կիւրեղ Ա. իր պատրիարքութեան չորս տարիներուն ընթացքին մեծ բարենորոգումներ յառաջ բերաւ ստեղծելով 30 եկեղեցական գաւարներ, շուրջ 90 թեմեր եւ օծելով 88 եպիսկոպոսներ։
Նոյնպէս Ան նշանակալից յեղաշրջումներ կատարեց եկեղեցւոյ մատակարարական դրութեան մէջ։
Հովուական գետնի վրայ Ան այցելեց 100 թեմեր, հովուական ճամբորդութիւններ կատարեց դէպի Ուկրանիա, Եգիպտոս, Սուրիա, Ս. Երկիր ու Լեհաստան։








All the contents on this site are copyrighted ©.