2013-02-07 14:44:52

Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ Քննարկած Է Լեռնային


ԵԱՀԿ-ի կայքէջը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լէոնիտ Քոժար երեքշաբթի օր հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Եան Քելիի (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովի (Ռուսիա) եւ Ժաք Ֆորի (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անժէյ Քասփրչիքի հետ:
Հանդիպումին օրակարգին վրայ եղած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցը: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են անցեալ շաբաթ Փարիզի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի ու համանախագահներուն միջեւ հանդիպման արդիւնքները:
Նշենք, որ 28 յունուարին տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած էին ղարաբաղեան հարցի խաղաղ լուծման հոլովոյթը շարունակելու վերաբերեալ աշխատանքային առաջարկները, որոնք համանախագահները կողմերուն ներկայացուցած էին հոկտեմբեր 2012-ին, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակուած էին փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման ուղղուած հաւանական միջոցառումներու շուրջ:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է, որ լիովին կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն, որոնք ուղղուած են հրադադարի ամրապնդման եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման աջակցելուն:
«ԵԱՀԿ-ի մէջ Ուքրանիոյ նախագահութեան առաջնահերթութիւններէն է աշխատիլ կողմերուն հետ` խաղաղ լուծման հոլովոյթը կարելի եղածին չափ յառաջ մղելու համար: Եւ ես կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ` ցուցաբերելու քաղաքական կամք եւ վճռակամութիւն, որոնք անհրաժեշտ են, որպէսզի շրջանին մէջ վերջապէս խաղաղութիւն հաստատուի», յայտարարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Նշենք, որ Ուքրանիա ԵԱՀԿ-ի նախագահութիւնը ստանձնած է յունուար 2013-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.