2013-02-07 13:09:38

Կարդինալ Պերթոնէ Կը Հաստատէ ''Քրիստոնէութիւնը Միշտ Զօրավիգ Եղած Է Մարդկութեան։''


Վատիկանի Պետական Քարտուղարը` կարդինալ Թարչիսիօ Պերթոնէն ''Պետրոսի ուղեւորութիւնը'' ցուցահանդէսի բացումը կատարելով, 6 փետրուարին, խօսք մը ուղղեց ոչ-հաւատացեալներուն յայտարարելով թէ քրիստոնէութիւնը միշտ պիտի մնայ մարդկութեան անվերապահ ու վստահելի դաշնակից մը։
Աշխարհի բոլոր հանրավարութիւնները գիտեն որ ոչ մէկ ընկերութիւն կարող է կանգուն մնալ առանց ամուր դաշնակիցի մը։ Այդ դաշնակցութիւնը կը հիմնուի փոխադարձ վստահութեան, ամուր կապերու, արդարութեան ու պատասխանատուութեան արժէքներու վրայ։
Նշենք որ ''Պետրոսի ուղեւորութիւնը'' ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Հաւատքի տարւոյն առթիւ նախաձեռնութեամբ նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի։ Անիկա տեղի կ'ունենայ Հռոմի ''Գասթել Սանդ՛ Անճէլօ'' կոչուած դեղեակին մէջ, կը պատկերացնէ ս. Պետրոս առաքելապետի կեանքը։
Ցուցահանդէսը ուղղուած է քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, ոչ-քրիստոնեաներուն ու բարի կամք ունեցող մարդոց, այս ուղղութեամբ գերապայծառ ֆիզիքելլա` նախագահը նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդին ըսաւ. ''մարդը հաւատացեալ թէ ոչ, միշտ հետամուտ եղած է գեղեցիկին''։
Ցուցահանդէսը հանրութեան բաց կը մնայ մինչեւ մայիս մէկը։








All the contents on this site are copyrighted ©.