2013-02-07 13:42:59

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին Շնորհաւորական Ուղերձները։


Գաղտէացի նորընտիր պատրիարք Լուիս Ռուֆայիլ Սագօյին եւ Ղպտի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր պապ Իսհակ Սետրաքին
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը (4 փետրուար-ին) շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Գաղտէացի նորընտիր պատրիարք Լուիս Ռուֆայիլ Սագօյին, իր ընտրութեան առթիւ։ Նամակին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը յայտնէ իր եղբայրական ուրախութիւնը եւ յաջողութիւն կը մաղթէ Լուիս Ռուֆայիլ Սագօ նորընտիր պատրիարքին իր առաքելութեան մէջ, Գաղտէացի Եկեղեցւոյ բարօրութեան համար եւ դիմագրաւելու համար քրիստոնեաներու արտագաղթը Իրաքէն: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նաեւ ( 21 յունուարին) շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Ղպտի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր պապ Իսհակ Սետրաքին, իր ընտրութեան առթիւ։ Նամակին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը յայտնէ իր եղբայրական ուրախութիւնը եւ յաջողութիւն կը մաղթէ Աղեքսանդրիոյ Իսհակ Սետրաք նորընտիր պապին իր առաքելութեան մէջ, ի սպաս Եգիպտոսի Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի ընդհանուր բարիքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.