Սպիտակ Տունը Կը Զօրակցի Սուրիոյ Մէջ Ասատը Չներառող Քաղաքական Լուծումի Մը:
Սպիտակ տունը զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման, սակայն շեշտեց,
որ այդ լուծումը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը չի ներառեր: Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ
Քառնի յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը յստակ է եւ սուրիացի ժողովուրդի յստակացուցած
կեցուածքն է: Մենք սուրիական տագնապին քաղաքական լուծումին կ՛աջակցինք, եւ սուրիացի ժողովուրդը
յստակ դարձուց, որ Պաշշար Ասատ իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է եւ չի կրնար մասնակցիլ
քաղաքական լուծումի ու սուրիացի ժողովուրդի ձգտումները բաւարարող ժողովրդավարական փոխանցման
հոլովոյթին»: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի ողջունեց սուրիական
ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Մաազ Խաթիպի առաջարկը, ըստ որուն, Ասատ
կը հեռանայ, փոխարէնը դատավարութեան չ՛ենթարկուիր: Ան նշեց, որ այդ առաջարկը Ժընեւի
համաձայնութեան ծիրին մէջ է: Արապի նաեւ յայտնեց, որ Արաբական լիկան պատրաստ է ընդդիմութեան
եւ սուրիական վարչակարգէն ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութեան կայացումը հովանաւորելու
եւ անհրաժեշտ աջակցութիւնը ցուցաբերելու: Միւս կողմէ, «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը
հաղորդեց, որ Եգիպտոսի մէջ Իսլամական համագործակցութեան երկիրներու վեհաժողովի հաղորդագրութեան
բանաձեւը Ասատին կոչ կ՛ուղղէ` ընդդիմութեան հետ «լուրջ երկխօսութիւն» կատարելու: Հաղորդագրութիւնը
նաեւ կ՛ընդգծէ, որ պէտք է Սուրիոյ միութիւնը եւ անկախութիւնը պահպանուի, ինչպէս նաեւ
արիւնահեղութիւնը կը դատապարտէ: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, բանաձեւը սուրիական ընդդիմութեան
կոչ կ՛ուղղէ` փոխանցման կառավարութիւն մը կազմելու աճապարելու, ինչպէս նաեւ ընդդիմութեան
եւ կառավարութենէն «իրենց ձեռքերը արիւնով չներկուած» ներկայացուցիչներու միջեւ բանակցութեանց: