2013-02-06 12:53:21

Էջ մը Հայ Մատենագրութենէն։
Գրիգոր Գ. Պահլաւունի Կաթողիկոս.


Գրիգոր ծնած է Պահլաւունիներու ընտանեկան Ծովք դղեակին մէջ 1096 թուականին. Զաւակն է Ապիրատ իշխանին եւ մեծ եղբայրը Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի. Մօր կողմէն ալ` թոռնիկն է Գրիգոր Մագիստրոսի։ Իր կրթութիւնը կը ստանայ Քեսունի մօտ գտնուող Կարմիր Վանքին մէջ` աշակերտելով Ստեփաննոս Մանուկին։ Երիտասարդ տարիքին` կը ձեռնադրուի քահանայ եւ կ՛ապրի վանքին մէջ, ուսումի եւ աղօթքի նուիրելով իր կեանքը։
Բարսեղ Անեցի կաթողիկոսի մահուընէ ետք(հակառակ իր տարիքին, տակաւին 20 տարեկան էր) զինք կը բարձրացնեն կաթողիկոսական աթոռին վրայ, 1113-ին, որովհետեւ այդ էր փափաքը մեռնող կաթողիկոսին. Ինքն է որ յետագային` Աթոռը կը փոխադրէ Հռոմկլայ ամրոցը, գնելով զայն Խաչակիր Իշխանէ մը։ Երկար տարիներու ընթացքին` Հռոմկլայ պիտի մնայ Աթոռանիստ կեդրոնավայր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներու։
Պահլաւունի հետեւեցաւ Գրիգոր Վկայասէրի օրինակին, որ իր ուսուցիչը եղած էր նաեւ, ու սկսաւ հաւաքել սուրբերու կեանքերը. Ապա որոշեց որ ամէն սուրբի տօնէ առաջ` նախորդ օրուայ երեկոյեան` սուրբին կեանքը պէտք է կարդացուի կրօնական հասարակութիւններուն մէջ։ Անոր համար ալ կոչուեցաւ ՝՝փոքր վկայասէր՝՝։
Ան գնաց Երուսաղէմ եւ հոն ծանօթացաւ երկրին նոր տէրերուն` Խաչակիրներուն։ Անոնց իշխաններն ու կղերականները մեծապէս յարգեցին այս սրբակենցաղ եւ իմաստուն հայրապետը եւ, իր միջոցաւ, ճանչցան ու գնահատեցին նաեւ Հայ ազգը։ Հոն է որ կրցաւ գտնել նաեւ զանազան սուրբերու վարքերը եւ դասաւորել զանոնք միւսներուն հետ միատեղ։
Իր հրամանով` Սամուէլ Երէց շարադրեց Ժամանակագրութիւնը, Իգնատիոս Վարդապետ` Ղուկասի Աւետարանի մեկնութիւնը, Սարգիս Վարդապետ` Կաթողիկէ Թուղթերու մեկնութիւնը։ Նաեւ իր եղբայրը` Ներսէս Շնորհալի, շատ մը գրուածքներ եւ շարականներ յօրինեց Պահլաւունիի հրահանգով։
Հայրապետական իր զբաղումներէն զատ, որոնց համար ան ունեցաւ յատուկ աջակցութիւնը իր եղբօր` Ներսէսի, գրական գործերով ալ զբաղեցաւ։ Իրեն կը պարտինք Աստուածածնայ Աւետման գեղեցկահիւս շարականը` Խորհուրդ անճառ, որ կ՛երգցուի նաեւ նշանտուքի արարողութեան ժամանակ։
Ծաղկազարդի երկրորդ օրուան երգուած շարականն ալ` Մեծահրաշ այս խորհուրդ անունով` իրեն կը պարտինք, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ի պատիւ շարադրուած գեղեցիկ շարականը` Ի յելս արեւու։ Սակայն ամէնէն ժողովրդական երգը որ շարադրած է` 6 Յունուարի Ջրօրհնէքի առթիւ երգուած Ով Զարմանալի Խորհուրդ շարականն է։
Կիրակոս Գանձակեցի ըսած է իր մասին թէ, սկսաւ Աստուածաշունչի նոր թարգմանութիւն մը ընել, սակայն մեր ձեռքը այդպիսի բան մը չէ հասած։ Ան կ՛ըսէ նաեւ թէ շատ մը աստուածաբանական եւ կրօնական գրուածներ ալ թարգմանած է Սուրբ Հայրերէն, ինչպէս նաեւ թարգմանել տուած է իր աշակերտներուն։
Ունի նաեւ բանաստեղծական գրութիւն մը, որուն վերնագիրն է Վասն Երուսաղէմի եւ հարուածոց քրիստոնէից ուր կը խօսի Խաչակիրներու մասին։
Գրիգոր Պահլաւունի կը վախճանի 1166 թուին, 53 տարի կաթողիկոսական Աթոռին վրայ նստելէ ետք. Իրմէ ետք` Ներսէս կը ստանձնէ եղբօրը պաշտօնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.