2013-02-06 13:03:18

«Օգնիր Եղբօրդ» Նախաձեռնութիւնը Շուրջ 500 Սուրիահայ Ընտանիքի Պարէնամթերք Պիտի Տրամադրէ


«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեան համակարգող Վահան Վարդանեան յայտնած է, որ նախաձեռնութիւնը Հայաստանի մէջ հաստատուած շուրջ 500 սուրիահայ ընտանիքի պարէնամթերք պիտի տրամադրէ: «Հայաստանում հաստատուած շուրջ 500 սիրիահայ ընտանիքի Փետրուարի 6ին եւ 8ին պարէնամթերք կը բաժանուի՝ մօտ 12-13 տոննա, որը մեզ է տրամադրել Հայկական քրիստոնեայ բժիշկների ասոցիացիան», յայտնած է Վարդանեան՝ աւելցնելով, որ պարէնամթերք պիտի ուղարկուի նաեւ Արցախի մէջ հաստատուած շուրջ 50 ընտանիքի:
Արդէն իսկ ցանկագրուած են այն ընտանիքները, որոնց օգնութիւն պիտի տրամադրուի։ «Պարէնամթերքը բաղկացած է ամենատարբեր մթերքներից՝ ոլոռ, լոբի, բուսական իւղ, երշիկ, կարագ, շաքարաւազ, ջեմ, բրինձ», թուարկած է Վարդանեանը՝ ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր ընտանիքի համար պատրաստուած են առանձին ծանրոցներ:
Անդրադառնալով Սուրիա դեղորայք ուղարկելու հարցին՝ ան դիտել տուած է, որ Սուրիա օգնութիւն հասցնելը տակաւին դժուար հարց կը մնայ, որովհետեւ դէպի Հալէպ թռիչքները դադրեցուած են: «Մենք պայմանաւորուածութիւն ունենք «Սիրիական աւիաուղիներ»ի հետ եւ առաջին իսկ հնարաւորութեան դէպքում դեղորայքը կ՛ուղարկենք», յայտնած է նախաձեռնութեան համակարգողը:
«Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը այսուհետեւ պիտի փորձէ գումարներ ուղարկել Սուրիոյ մէջ ապրող հայերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.