Տառապող Եկեղեցւոյ Դրամական Արտակարգ Օգնութիւնը Մալիի ու Սուրիոյ
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ տառապող եկեղեցի կոչուած բարեսիրական մարմինը արտակարգ գումարներ
տրամադրած է Մալիի ու Սուրիոյ բնակիչներու ի նպաստ։ Մալիի Մոբթի թեմի առաջնորդը` գերապայծառ
ֆոնղորօ Տառապող եկեղեցւոյ ուղղած նամակին մէջ կը մատնանշէ ահաւոր կացութիւնը տեղահաներու
եւ մասնաւորապէս մանուկներու, որոնք դժուար՜ ու տաժանելի կացութեան մէջ կը գտնուին։ Քահանայապետական
բարեսիրական մարմինը դրամական օգնութիւն յատկացուցած է Լիբանան, Յորդանան ապաստանող սուրիացի
գաղթականներուն, յայտնած է հայր Հալեմբա` միջազգային պատասխանատու Տառապող եկեղեցւոյ
բարեսիրական մարմնին, ընդգծելով որ գաղթականները դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին ։
Իսկ քրիստոնեաները, զրկուած ապագայի որեւէ հեռանկարէ, եկեղեցւոյ կ'ապաւինին։ Ահա
այս պատճառաւ հարկաւոր է օգնութիւններ բաշխել թեմերու ու գարիթասի կեդրոններու միջոցաւ։
Նիւթական պահանջները շատ են, պէտք ենք անոնց ընծայել ուտելիք, դեղօրայք, խմիչք ինչպէս
նաեւ հոգեւոր օգնութիւն տալ։ Նշենք որ Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիարական մարիմինը`
քահանայապետական բարեսիրական մարմին մըն է հիմնուած 1947ին օգնութեան հասնելու կարօտեալներու։
2011-ին կարողացած է ժողովել 82 միլիոն եւրօ եւ իրականացուցած է 4.600 ծրագիրներ 145
ազգերու մէջ։