2013-02-05 11:02:05

ՎԱՐԴԱՆԱՆՔԻ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆԸ ՀԱՍԱ՞Ւ ԻՐ ՆՊԱՏԱԿԻՆ


«Մահ իմացեալ անմահութիւն է» նախադասութեամբ մեր նախնիքը նետուեցան պատերազմի դաշտ, պաշտպանելու կրօնն ու Հայրենիքի պատիւը, առանց որոնց Հայը պիտի դադրէր իր ինքնութենէն, Հայութիւնն ու քրիստոնէութիւնր ապլրելով ազատութեամբ :
Ահաւասիկ դարեր ետք, Հայու շառաւիղները կը շարունակուին, Հայը կը գոյատեւէ, կ’ապրի որպէս Հայ, կը զործէ որպէս Հայ եւ նախնիներու ջահր սերունդէ սերունդ կը շարունակուի դէպի անմահութիւն : Արդի ժամանակներու մէջ, նոյն գաղափարականով մարդիկ աւերներ նաեւ սկսած են գործել, ինչպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւնները. անոնք՝ իրենց անձնասպանական գործողութիւններով կր փափաքին անմահանալ :
Հայու անմահութիւնը երբեք չի նմանիր եւ նմանած չէ այսպիսի լոզունքներու, այլ ան՝ ազգի մը գոյատելութեան, հայ ազգի անմահութեան, կրօնի ազատութեան համար արտասանուած է : Յազկերտի բոլոր փորձերը ապարդիւն մնացին, որովհետեւ Հայու կամքը կը գերազանցէր ամէն աշխարհային, երկրաւոր եւ քաղաքական հաշիւներ :
Արդի ժամանակներուն մէջ Յազկերտներու թիւը շատ աւելի է եւ անոնց աւերները շատ աւելի խորտակիչ : Մեծագոյն Յազկերտը կը նկատենք այժմ ձուլումը : Կը սարսափինք երբ կը մտածենք ազգաձուլման մասին եւ նոյնիսկ ընկերաբանական հաշիւներու կը դիմենք ըսելու, թէ արեւելքի մէջ ձուլումը աւելի դանդաղ կը յառաջանայ, քան արեւմուտքի մէջ :
Մեր նախնիքը,պարտադրուած ազդափոխման ու կրօնափոխութեան՝ պատասխանեցին իրենց արեամբ : Արիւնը ազատութեան գինն է. Քրիստոս, անձամբ իր արիւնով մարդկութեան շնորհեց ազատութիւն : Դարեր անցան Վարդաններու սուրբ Պատերազմէն եւ ահա պահն է անգամ մը եւս մտածելու ազատութեան խորհուրդին ձգտող մարտիկներուն մասին խոկալու եւ զննելու մեր ապրած կեանքը, որպէս Հայ :
Հինգերորդ դարէն ի վեր Վարդանանքը, Ղեւոնդեանքը դարձան հայ ազգի ու Եկեղեցւոյ պարծանքն ու պսակը : Հայ Եկեղեցին ամէն տարի մեծ հանդիսութեամբ կը տօնէ Աւարայրի ճակատամարտին եւ 1036 վկաներուն յիշատակը, որովհետեւ ան ազգային տօն մը ըլլալէ աւելի, է նաեւ եկեղեցական տօնակատարութիւն : Ինչպէս Եկեղեցին ազգին համար կեանք պարգեւող աղբիւր է եւ ուղղեցոյցն փոթորիկներու վտանգներուն դէմ, այնպէս է նաեւ Վարդանանքի դիմադրական պատերազմը : Ան իրար յաջորդող սերունդներու կրօնին եւ հայրենիքին հանդէպ հաւատարմութեան կտակն է : Ազգը իր անցեալին հետ կապող կամուրջն է, որու միջոցով կ’ապրինք եւ կը փորձենք ապրիլ մեր նախնիներուն շառաւիղով:
Հայ երիտասարդն ու երիտասարդուհին, ամենուրեք կ’ուզեն զգալ հպարտ, թէ Վարդանի նման հերոսներով ազգը փրկուած է անհետ կորուստէ, երբ անոնք յայտնուած են Հայու ճակատագրին դիմաց : Վտանգներ ցցուած են պատմութեան ընթացքին, բայց անոնցմէ ոչ մէկը կարողացած է խլել ապրելու կամքն ու ազատութիւնը Հայու մտքէն ու հոգիէն :
Գաղափարապաշտ երիտասարդը մասնաւորապէս եւ հայ ազգը ընդհանրապէս, ինչպէ՞ս կ’ուզեն ապրիլ այսօր իրենց նախնիներուն կտակը, իրենց նախնիքներուն զոհողոլթիւնը ազգի, ընդհանուրին բարիքին համար : Ւ՞նչ իմաստ ունի արդեօք Վարդանանքի պատգամը մեզի համար : Արդեօ՞ք այս սուրբ պատգամը որքանո՞վ կ’ապրինք : Առիթն է անգամ մը մտածելու Վարդանանքի այս տարուայ յիշատակոլթեան առիթով, թէ մեր հաւատարմութիւնը ազգային եւ եկեղեցական պարտականութիւններուն հանդէպ որքանով կ'իրագործուին :
Վարդանանքը այժմ մեզ թող սթափեցնէ մեր թմբիրէն, եթէ կ’ուզենք ապրիլ մեր ազգային եւ եկեղեցական ամբողջական կոչումը : Նահատակներու, հայ ազգի պատմութեան բոլոր նահատակներուն, Վարդանանքի մարտիկներէն մինչեւ Հրանդ Տինք, որոնք բոլորն ալ անխտիր եղան ազատութիւն ցանկացող ռահւիրաներ, թող մեր ամէնօրեայ կեանքին ուղղութիւնը տան :
Հայր Գէորգ Վրդ Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.