2013-02-05 12:50:28

''Հաւատք ու Սէր'' Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։


Վերջին շաբաթներու ընթացքին մի քանի պատգամներ հրատարակուած են որոնք խորհրդածութեան արժանի են։ Սրբազան Քահանայապետի հիւանդի համաշխարհային օրուայ (11 փետրուար) եւ քառասնորդացի պատգամները որոնց կ՛աւելցնեմ բորոտախտի 60-րդ համաշխարհային օրուայ պատգամը։
Հաւատոյ տարուայ ընթացքին աւելի խոր կերպով ապրելու ենք հաւատքի ու սիրոյ միջեւ սերտ յարաբերութիւնը։ Մէկը գոյութիւն չ՛ունի առանց միւսին։ Եկեղեցւոյ գեղեցկութիւնը` հոգեւոր հմայքը ու անոր հաւատալիութիւնը որ սրտերուն մէջ կը թափանցէ արտացոլուած է ողորմութեան միջոցաւ` սիրոյ ջերմութեամբ։
Սէր մը որ կը սորվինք Աստուծմէ, հաւատքի մէջ, նայելով Յիսուսի խաչելութեան ու մասնակցելով Ս. Հաղորդութեան։
Պէրնատէթը, Լիզիէօյի Սրբուհի Թերեզան, Սուրբ Վինչէնցօ Տէ Բաոլին, Մայր Թերեզան եւ ուրիշներ, հռչակաւոր այն անձերէն են որոնք հաւատացին Աստուծոյ սիրոյն ու իրենց կարգին սիրեցին անսահման կերպով, առատութեամբ, սկսելով ամէնափոքրերէն եւ հոգւով ու մարմնով տառապողներէն։

Անոնց որ Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ կ՛ընթանան, Սուրբ Օգոստինոս կ՛ըսէր ''սիրէ եւ ուզացդ ըրէ''։ Ողորմութեան Եկեղեցւոյ մէջ, մանուկները կը հանդիպին դէպի իրենց ընթացող Աստուծոյ սիրոյն, հիւանդները կը հասկնան թէ իրենց տառապանքները միջոց մըն են հասնելու միշտ աւելի մեծ սիրոյ մը եւ թէ իրենք եւս, միասնաբար, աշխարհին կրնան պարգեւել Քրիստոսը։
Հաւատք ու Սէր։Ունկնդրենք այս պատգամները եւ թող աշխարհը նորոգուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.