2013-02-05 13:04:18

Իտալիոյ Պարի Քաղաքին Մէջ ՜՜Արեան Կոչը՝՝ Իտալերէն Հատորին Ներկայացումը։


Շաբաթ 2 փետրուարին, Պարիի՝ ՜՜Տիկիններ եւ Բանաստեղծութիւն՝՝ միջազգային ընկերակցութեան կեդրոնը տեղի ունեցաւ՝ մշակութային երեկոյթ մը որուն ընթացքին ներկայացումը կատարուեցաւ Աղաւնի Պօղոսեանի ՜՜Արեան Կոչը՝՝ Իտալերէն Հատորին. Fal. Vision di Bari հրատարակչատունէն։
՜՜Արեան Կոչը՝՝ հատորին հեղինակն է Աղաւնի Պօղոսեան։ Զայն արաբերէնէն իտալերէնի թարգմանուած է, առաջին անգամ ըլլալով՝ 2012-ին, Գեղամ Ժամիլ Պոլոյեանի կողմէ, դասախօս՝ Սալէնթոյի համալսարանի արաբերէն գրականութեան մասնաճիւղի։ Գործը իրական կեանքէ առնուած է՝ ՜՜ինքնակենսագրական-պատմութիւնն է երկու քոյրերու՝՝ որոնք Մեծ Եղեռնէն հրաշքով ազատած են ու դժբախտաբար իրարմէ բաժնուած են (իւրաքանչիւրը տեղ մը գացած է) եւ սակայն տարիներ ետք այս երկու քոյրերը զիրար գտած են երբ անոնցմէ մէկը՝ Սուրիոյ գլխաւոր հիւանդանոցին մէջ, տնօրէնի պաշտօն ունենալով՝ ֆրանսական ռմբակոծումներու ընթացքին (Սուրիոյ մէջ) շատերու կեանքը փրկած է։
՜՜Արեան Կոչը՝՝ հատորի ներկայացման երեկոյթին՝ միջամտութիւններ կատարած եւ խօսք առած են հայ եւ իտալացի մտաւորականներ, այս առթիւ նաեւ հատորին իտալերէնի թարգմանողին դուստրերը Մանուէլա Անուշ եւ Միրիամ Պոլոյեան, Պարոյր Սեւակէն հատուածներ կարդացած են հայերէն եւ իտալերէն լեզուներով։
Ապա գրաքննադատ Գարլօ Գոբբոլա՝ որ միաժամանակ Պարիի՝ ՜՜Հրանդ Նազարիանց գիտական կեդրոնի քարտուղարն է, համադրական կերպով նկարագրեց Հայոց Ցեղասպասնութիւնը հայ գրականութեան ընդմէջէն, մէջբերելով նաեւ Արշակ Չոպանեանի եւ Պետրոս Դուրեանի բանաստեղծութիւններէն քերթուածներ իտալերէնի թարգմանուած։
Խօսք առաւ նաեւ՝ Փրօֆ. Գեղամ Ժամիլ Պոլոյեան (թարգմանիչը հատորին) անդրադառնալով գործին կարեւորութեան եւ անոր հրատարակութեան դրդապատճառին։ Պարիի՝ (Fal. Vision ) հրատարակիչ՝ Լուչիանօ Մարիա Բէգորարիի խօսքէն ետք, միջամտութիւններ կատարեցին իտալահայ յայտնի դէմքերէն Տիար Րուբէն Թիմուրեան, ժամանակակից գրականութեան համալսարանի դասախօս Տանիէլէ Բէգորարի եւ գրող եւ Quotidiano di Bari թերթի լրագրող Իթալօ Ինթերէսսէ (կը տեղեկացնէ Պարիի Հրանդ Նազարեանցի կեդրոնէն Անճելա Տինուցցի) ։









All the contents on this site are copyrighted ©.