2013-02-05 13:04:04

Իտալիա- Րիէթիի Գասթէլ Սանթ Անճելոյի Քաղաքապետարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։


Կազմակերպութեամբ՝ Գասթէլ Սանթանճելօ -ի քաղաքապետարանի, շաբաթ 2 փետրուարին, Խորհրդարանային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, “San Biagio e l’Armenia”, թեմայով, Սեբաստացի նահատակ Սուրբի տօնին նախօրեակին:
Ի դէպ, Սան Պիաճօ կամ Սուրբ Վլասը Գասթէլ Սանթանճելօ -ի պաշտպան սուրբն է։
Քաղաքապետ՝ Տոքթ. Բաուլօ Անիպալտիի, ողջոյնի խօսքէն ետք, Գերապայծառ Լորենցօ Գիարինելլի
Վիթերպոյի վաստկաւոր եպիսկոպոսը խօսեցաւ յատկապէս 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յիշելով այն օրերու առաքելական նուիրակի վկայութիւնները ....
Խօսք առին նաեւ հայ եւ իտալացի անձնաւորութիւններ յիշենք անոնցմէ՝ փրօֆ. Տոմենիքօ Սքաքքի , Ճանգարլօ Սքիրրու, Սոֆիա Լաժանօ, հռոմահայ գաղութէն Զարա Պօղոսեան եւ Ռոպէր Աթթարեան, որ նաեւ կարդաց Հ Հ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Ռուբէն Կարապետեանի գիրը որ դժբախտաբար չէր կարողացած ներկայ գտնուիլ նախագահելու սոյն ձեռնարկը։
Աւարտին քաղաքապետարանի խորհուդը միաձայնութեամբ ընդունեց ՜՜Մեծ Եղեռնի՝՝ պատմական իրողութիւնը Ճանցող բանաձեւ մը, յոտընկայս մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելով մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակները...








All the contents on this site are copyrighted ©.