2013-02-05 13:02:17

''Արաբական Գարունը եւ Մարդու Իրաւունքները։ Իրավիճակ եւ հեռանկարներ'' վերտառութեամբ խորհրդաժողով։


Երեքշաբթի 5 փետրուար 2013-ին, ՅՊԲ-ի եւ կաթողիկէ գործառուներու ու ղեկաւարներու ընկերակցութիւններու կազմակերպութեամբ, Միլանոյի մէջ տեղի կ՛ունենայ խորհրդաժողով մը` ''Արաբական Գարունը եւ Մարդու Իրաւունքները։ Իրավիճակ եւ հեռանկարներ'' վերտառութեամբ։
Խորհրդաժողովի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան արաբական մշակոյթի մասնագէտ համալսարանական դասատու մը, կաթողիկէ գործառու մը եւ քահանայ մը։
Խորհրդաժողովի ընթացքի շօշափուած նիւթերը կապակցութիւն ունին միջազգային տնտեսութեան, միջազգային հաւասարակշռութեան եւ մարդու իրաւունքներու իրողութիւններուն հետ։
Յայտնենք որ քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, վերջին տուեալներու համաձայն, գնահատուած է 10 - 12 միլիոն։
20րդ դարու սկիզբը քրիստոնեաները կը կազմէին միջին արեւելքի բնակչութեան 20 տոկոսը իսկ այսօրուայ իրողութեամբ շատ մը շրջաններու մէջ անոնց թիւը նուազած է եւ հասած է 5 առ հարիւրի։
Յիսուսեան միաբան եւ արաբական աշխարհի մասնագէտ Հայր Սամիր Խալիլ Սամիրի գնահատումով քրիստոնեաներու արտագաղթի հետեւանքով որոշ սկզբունքներ, ինչպէս Մարդու Իրաւուքները, կը կորսնցնեն իրենց արժէքը։
Քրիստոնեաներու թիւի նուազումով նոյնիսկ տնտեսութիւնն ալ կը տուժէ։Ի տես այս իրողութեան շատ մը Իսլամ աշխարհի մտաւորականներ կոչ կ՛ուղղեն քրիստոնեաներուն մնալու իրենց հօրենական հողերու վրայ։
Այս է նաեւ կոչը զոր Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը յաճախ կը կրկնէ ''կը փափաքինք քաջալերել քրիստոնեաները մնալու իրենց երկիրները եւ օժանդակելու անոնց բարգաւաճման որովհետեւ անոնք այդ շրջաններու մշակոյթի ու կեանքի կարեւոր մասնիկ մըն են։
Լիբանան կատարած վերջին առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց բոլոր քրիստոնեաները ''տալու իրենց վկայութիւնը'' որովհետեւ, ինչպէս կը կարդացուի նաեւ ''Միջին Արեւելքի Եկեղեցին'' առաքելական յորդորագիրի մէջ ''միջին արեւելքը առանց քրիստոնեաներու, միջին արեւելք ըլլալէ կը դադրի''։








All the contents on this site are copyrighted ©.