2013-02-04 14:22:18

Տեառնընդառաջի Տօնակատարութիւն Լիբանանի Մէջ։


Ուրբաթ մէկ Փետրուարին, Զմմառու եկեղեցւոյ վանքի եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան ժամերգութենէն ետք տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակ եւ անդաստան։ Այնուհետեւ եկեղեցւոյ բակին մէջ, հինաւուրց աւանդութեան համաձայն, տեղի ունեցաւ խարուկահանդէս։
Կրակ վառելու աւանդութիւնը եկած է հայոց հեթանոսական շրջանէն։
Կիրակի օրը՝ 3 Փետրուարի առաւօտեան, (միշտ) Զմմառու Վանքին եկեղեցիին մէջ, Տեառնընդառաջի մոմեղինաց օրհնութիւն կատարուեցաւ Հայածէս Ձայնաւոր Ս. Պատարագի ընթացքին, զոր մատոյց Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ. Վ. Կռանեան։ Մոմը հաւատքի աննիւթական արտայայտութիւն դարձած է: Մոմերն ու կանթեղները եկեղեցւոյ խորհրդաւորութիւն և վեհութիւն կու տան: Իսկ մոմի լոյսը խորհրդանիշն է Յիսուս Քրիստոսին՝ «Աշխարհի լոյսին» (Յովհ 8,12):








All the contents on this site are copyrighted ©.