2013-02-04 13:17:08

Սուրիոյ Պատերազմը ։Հալէպի Մէջ Հայկական Դպրոց Մը Վնասուած :


Հայաշատ Հալէպի մէջ 31 Յունուարի կէսօրին բուռն բախումներ տեղի ունեցած են քաղաքի տարբեր թաղամասերուն մէջ:
Այս տեղեկութիւնը «Արմէնփրէս»ին փոխանցած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ աւելցնելով, որ Աշրաֆիէ թաղամասին մէջ բախումներու իբրեւ հետեւանք վնասուած է հայկական դպրոցներէն մէկը, փշրուած են պատուհաններուն ապակիները: Աշակերտները դուրս բերուած են շէնքէն։

Ռէյիսեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ բախումներ տեղի ունեցած են նաեւ հին քաղաքի Պապ Ալ Նասր, Սապաա Պահրաթ, Սեպիլ թաղամասերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Պուսթան Պաշայի մէջ: Բախումները, բարեբախտաբար, հայաբնակ թաղամասերուն չեն հասած, սակայն բաւական մօտեցած են։ Երեկոյեան վիճակը աւելի հանդարտած է։
Անդրադառնալով քանի մը օր առաջ Հալէպի մէջ տեղի ունեցած ոճրագործութեան՝ բանբերը նշած է, որ դիակներու ինքնութիւնը կարելի չէ եղած ճշդել, զոհերը կը գտնուին ընդդիմադիրներուն մօտ։
Հալէպի օդակայանի բացման մասին խօսելով՝ Ռէյիսեան յայտնած է, որ յստակ տեղեկութիւններ չկան այդ մասին, սակայն պետութիւնը կարելին կ՛ընէ, որպէսզի ամէնէն արագ միջոցին օդակայանը գործելու սկսի։
Ռէյիսեան չէ հաստատած այն տեղեկութիւնը, որուն համաձայն՝ քանի մը օր առաջ զոհուած հայ երիտասարդ Յովսէփ Աբգարեանը դաժանօրէն սպաննուած եւ կողոպտուած է: Ան դիտել տուած է, որ Աբգարեան եւ ուրիշ երեք արաբներ զոհուած են, երբ Պէյրութէն Լաթթաքիա փոխադրող թաքսիին վրայ կրակ բացուած է, կայ նաեւ վիրաւոր մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.