2013-02-04 14:20:25

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին 2013 Քառասնորդացի Պատգամը
''Եղբայրասիրութեան Հաւատալը Բարեսիրութիւն Կը Յառաջացնէ։ ''


Ուրբաթ 1 փետրուար 2013-ին, լոյս տեսաւ Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին 2013 Քառասնորդացի պատգամը, որ կը կրէ
''Ողորմութեան հաւատալը բարեսիրութիւն կը յառաջացնէ - Մենք Հաւատացինք եւ Ճանչցանք Աստուծոյ սէրը զոր ունի մեզի հանդէպ'' խորագիրը։

Իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը խորհրդածէ հաւատքի եւ ողորմութեան միջեւ կայացած յարաբերութեան մասին, երկու աստուածաբանական առաքինութիւններու միջեւ, որ «կարելի չէ իրարմէ բաժնել կամ իրարու հակասել»։ Ան կը յիշեցնէ, թէ «հաւատքի վրայ հիմնուած եւ անորմով յայտնաբերուած սէրն է որ մասնաւորապէս կը յատկանշէ քրիստոնեաները»։ Ողորմութիւնը, Սրբազան Քահանայապետին համար, կարելի չէ սահմանել միասնականութեամբ կամ մարդկային պարզ օժանդակութեամբ. «ողորմութեան ամենամեծ գործը աւետարանացումն է, այսինքն՝ Խօսքին ծառայութիւնը»։
Ան պատգամին մէջ կը շեշտէ թէ «աւելի շահեկան ու մարդասիրական արարք չկայ հարազատին հանդէպ, քան Աստուծոյ Խօսքին հացը բեկանել եւ Աւետարանի Աւետիսը կիսել, զայն ներառելով Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ»։ Այս իմաստով, ան կ՛աւելցնէ թէ «աւետարանացումը մարդ անհատին ամենավսեմ եւ ամենակատարեալ առաքելութիւնն է»։








All the contents on this site are copyrighted ©.