2013-02-04 14:19:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը երկուշաբթի 4 Փետրուար 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին ընդունեց Պապիլոնի Քաղտէացիներու Նորընտիր Պատրիարք` Գերերջանիկ Լուիս Րաֆայել Սաքօն ու անոր ընկերացող Քաղտէացի եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական 20 հայրերը ։
Ժամը 11,15-ին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Ավստրալիոյ Պապական Նուիրակ` գերապայծառ Փօլ Րիշարտ Կալլակեր, հուսկ Ժամը 11,30-ին ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Էմիլիայ Րոմանիայի Եկեղեցական Մարզի 8 եպիկոպոսներուն որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Յետ միջօրէի ժամը 17,30-ին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին քովնտի սրահներէն մէկուն մէջ, Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ` Տիար Ճորճոյ Նափոլէթանոյի հետ։ Հանդիպումէն ետք, ժամը 6-ին, Քահանայապետն ու նախագահը միասնաբար, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, մասնակցեցան Լատերանեան դաշինքի ստորագրութեան 84-ամեակի տօնակատարութիւններու առթիւ Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ դեսպանատունի կողմէ Սրբազան Քահանայապետին եւ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահի պատւոյն սարքուած` համերգին։
Յայտնենք որ 1929ի փետրուար 11-ին է որ ստորագրուեցան Լատերանեան Դաշինքի համաձայնագիրը, ընդմէջ Վատիկանի եւ Իտալիոյ Պետութեան ու այդ թուականէն է որ ծնունդ առաւ Վատիկան Պետութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.